Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Լրագրողական Կազմակերպութիւնները կը Պահանջեն Թղթակիցներու Աշխատանքը Խոչընդոտելու Դէպքով Քրէական Գործ Յարուցել

Լրագրողական Կազմակերպութիւնները կը Պահանջեն Թղթակիցներու Աշխատանքը Խոչընդոտելու Դէպքով Քրէական Գործ Յարուցել

by MassisPost

Լրագրողական 9 կազմակերպութիւններ համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս եկած են՝ Փետրուար 19-ին Երեւանի քաղաքապետարանէն ներս «Ազատութիւն» ռատիոկայանի եւ «Ա1+» հեռուստաընկերութեան թղթակիցներու մասնագիտական գործունէութիւնը խոչընդոտելու վերաբերեալ։

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. – «Երէկ՝ Փետրուարի 19-ին, Երեւանի քաղաքապետարանում խոչընդոտուել է «Ազատութիւն» ռատիոկայանի եւ «Ա1+» հեռուստաընկերութեան թղթակիցներ Ռուզաննա Ստեփանեանի եւ Սուսաննա Պօղոսեանի մասնագիտական գործունէութիւնը։ Լրագրողները այնտեղ էին աւագանու «Երկիր ծիրանի» խմբակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոսթանճեանի հրաւէրով, ով մտադրուել էր նրանց ներկայացնել մի շարք խնդիրներ։ Մասնաւորապէս այն, որ աւագանու Փետրուարի 13-ի նիստի ընթացքում տեղի ունեցած միջադէպից յետոյ արգելուել է խմբակցութեան ծառայողական մեքենայի մուտքը քաղաքապետարանի կայանատեղի։ Զարուհի Փոսթանճեանը ներկայացրել է նաեւ քաղաքապետարանի ծառայողական սենեակներում աշխատանքային ժամին որոշ անձանց թղթախաղով զբաղուելու փաստը»։

Կազմակերպութիւնները նշած են, որ լրագրողներու գործունէութեան միջամտած է տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արթուր Գէորգեանը։

Հաշուի առնելով վերոգրեալը, լրագրողական 9 կազմակերպութիւնները կը պահանջեն քաղաքապետ Տարօն Մարգարյանէն՝ խիստ պատասխանատուութեան ենթարկել քաղաքապետարանի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արթուր Գէորգեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment