Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արդարադատութեան Նախարար «Որեւէ Սահմանադրական Ճգնաժամի Մասին Խօսիլը Ուղղակի Աւելորդ է»

Արդարադատութեան Նախարար «Որեւէ Սահմանադրական Ճգնաժամի Մասին Խօսիլը Ուղղակի Աւելորդ է»

by MassisPost

Որեւէ սահմանադրական ճգնաժամի մասին խօսիլը ուղղակի աւելորդ է, երէկ յայտարարած է արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանը՝ պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցին, թէ արդեօք Հայաստանի մէջ սահմանադրական ճգնաժամ կայ:

Յիշեցնենք, այդ մասին բարձրաձայնած էին շարք մը փաստաբաններ՝ պնդելով, որ Հայաստանի յաջորդ նախագահը պէտք է ընտրուի ոչ թէ Ազգային ժողովի, այլ քաղաքացիներու կողմէ՝ ուղիղ ընտրութեամբ։ Ան նշած է, որ Սահմանադրութեան այն գլուխները (124-րդ եւ 125-րդ յօդուածները), որոնք կը ներկայացնեն նախագահ ընտրելու նոր կարգը, ուժի մէջ պիտի մտնեն միայն 4-րդ նախագահի պաշտօնավարման օրը, իսկ  այդ 4-րդ նախագահը պէտք է ընտրուի հին Սահմանադրութեամբ՝ այսինքն ոչ թէ Ազգային ժողովի, այլ ուղիղ՝ համապետական ընտրութեամբ։ «Փաստում եմ, որ այս պահի դրութեամբ առկայ է սահմանադրական ճգնաժամ»,- ըսած է Կէօզալեանը։

Նախարարը հակադարձած է, ըսելով՝ անգամ ամենավար երեւակայութեան պարագային կը դժուարանայ նման մեկնաբանութիւն տալ, որ Սահմանադրութեան 125 յօդուածը այս ձեւով կը սահմանափակէ Ազգային ժողովի կողմէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն իրականացնել ։

«125 յօդուածն, այո՛, ուժի մէջ է մտնելու Ապրիլի 9-ից, անցումային դրոյթներում նպատակ կար, որպէսզի հանրապետութեան նախագահն ընտրուի Ազգային ժողովի կողմից, բայց ոչ ամբողջովին 125 յօդուածով սահմանուած կարգաւորումներով։ Նպատակն այն էր, որ ոչ թէ ուղղակի 125 յօդուածով նախատեսուած մեխանիզմով, այլ փոքր-ինչ այլ, եւ անցումային դրոյթներում նշուած է, որ առաջին ընտրութիւնը տեղի կ’ունենայ այս ժամանակահատուածում՝ 125 յօդուածով սահմանուած կարգով, եւ նշուած է այն առանձնայատկութիւնը, որով պէտք է կիրառուի 125 յօդուածը։ Այսպիսի հասկացութիւն կայ՝ incorporation by reference, այսինքն՝ յղում ես կատարում մէկ այլ յօդուածի, մենք կեանք ենք տուել 125 յօդուածի փոփոխուած տարբերակին 211 յօդուածով։ Սա շատ պարզ է, նայէք էդ աչքերով՝ առանց մտնելու խուճուճ իրաւական ձեւակերպումների մէջ, եւ դուք կը տեսնէք, որ ամէն ինչ շատ պարզ է, եւ որեւէ սահմանադրական ճգնաժամի մասին խօսելն ուղղակի աւելորդ է», – ըսած է Դաւիթ Յարութիւնեանը՝ ասուլիսի ժամանակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment