Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Զգուշացուցած Է Հայաստանին` Ռուսաստանի Ռազմաթեխնիքական Համալիրի Հետ Համագործակցութեան Հարցով

ԱՄՆ Զգուշացուցած Է Հայաստանին` Ռուսաստանի Ռազմաթեխնիքական Համալիրի Հետ Համագործակցութեան Հարցով

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը միակը չէ, ուրուն Միացեալ Նահանգները նախազգուշացուցած է հնարաւոր պատժամիջոցներու մասին, եթէ Ռուսաստանի ռազմահետախուզական ոլորտի հետ նշանակալի գործարքներ կնքուին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Երեւանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան լրատուական ծառայութիւնը:

«Ազատութիւն»-ը հարցում ուղարկած էր Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն՝ խնդրելով պարզաբանել, թէ արդեօք Հայաստանի կառավարութիւնը միակն է, ուրուն ԱՄՆ-ը յղած է յայտնի ծանուցումը:

«Մենք կը կիրառենք ԱՄՆ Քոնկրէսի կողմէ ԱՄՆ հակառակորդներուն պատժամիջոցներու օգնութեամբ հակադարձելու մասին օրէնսդրութիւնը՝ նպատակ ունենալով ճնշումներու միջոցաւ դրդել Ռուսաստանին՝ փարատելու մեր մտահոգութիւնները Ուքրանիոյ հանդէպ իր կողմէ դրսեւորած թշնամութեան, այլ պետութիւններու ներքին գործերուն միջամտելու եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներու մասով: Օտարերկրեայ պետութիւնները եւ մասնաւոր ընկերութիւնները տեղեկացուած են, որ ցուցակին մէջ ընդգրկուած ռուսական ընկերութիւններուն հետ նշանակալի գործարքները կրնան  յայտնուիլ պատժամիջոցներու դաշտին մէջ», – ըսուած է դեսպանատան պատասխանին մէջ:

Միեւնոյն ժամանակ, ամերիկեան դիւանագիտական ներկայացուցչութենէն հրաժարած են նշել երկիրներու ու մասնաւոր ընկերութիւններու անուանումները, որոնց յղուած է տուեալ ծանուցումը:

«Մենք նախապէս չենք քննարկեր մեր պատժամիջոցները: Մենք կը յայտարարենք այդ պատժամիջոցները, երբ այդպիսիք կան եւ եթէ այդպիսիք կան: Ընդհանուր առմամբ, եթէ պատժամիջոցներ ըլլան, ապա անոնք հիմնական կ’առնչուին ոչ-ռուսական ընկերութիւններուն, որոնք Ռուսաստանի ռազմահետախուզական ոլորտի հետ նշանակալի գործարքներ ունին», – ըսուած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան պատասխանին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment