Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զախարովա․ Ալիեւի Յայտարարութիւնը Չի Նպաստեր Լարուածութեան Մեղմացման

Զախարովա․ Ալիեւի Յայտարարութիւնը Չի Նպաստեր Լարուածութեան Մեղմացման

by MassisPost

Պաշտօնական Մոսկուան «անկեղծօրէն յոյս ունի», որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը գտնէ իր լուծումը: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան:

Երէկ երեկոյեան ճեպազրոյցի ժամանակ պատասխանելով հարցին, թէ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ունի՞ ակնկալիքներ, որ գարնան Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ իրականացուելիք նախագահական ընտրութիւններէն ետք ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը լուծուի կամ գոնէ որեւէ լուրջ տեղաշարժ կ’արձանագրուի կարգաւորման գործընթացին մէջ, ՌԴ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը նաեւ ասած է․ – «Ինչպէս գիտէք, մենք անոր սեւեռուն ուշադրութիւն կը յատկացնենք, իսկ ամենագլխաւորը՝ աշխուժօրէն կը մասնակցինք այն ամէնուն իրականացմանն ուղղուած աշխատանքին, որ նախանշած են կողմերը»:

Մէկ այլ հարցի, թէ Ռուսաստանը, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ, ինչպէ՞ս կը գնահատէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը, թէ Երեւանը, եւ ոչ միայն, «բուն ատրպէյճանական տարածք է, եւ պատմական հողերը վերադարձնելը Ատրպէյճանի ռազմավարական նպատակն է», Զախարովան, ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական կայքէջի փոխանցմամբ, արձագանգած է․ – «Մոսկուայի մէջ, անշուշտ, տեսած են իշխող կուսակցութեան համագումարին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ելոյթի մասին հաղորդագրութիւնները: Հիանալի գիտենք, որ հարեւան Հայաստանի հետ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները ծայրաստիճան լարուած են: Յիշատակուած յայտարարութիւնը ակնյայտօրէն չի նպաստեր լարուածութեան նուազեցման»:

Պաքուի մէջ տարակուսանք յայտնած են Ալիեւի յայտարարութեան Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ներկայացուցիչի արձագանգի կապակցութեամբ:

«Հաշուի առնելով Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերային կապերը, ինչպէս նաեւ բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը, մենք սխալ կը համարենք նման վերաբերմունքը պետութեան ղեկավարի խօսքերու նկատմամբ», – APA լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ՝ երէկ ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւը, պնդելով, թէ Իլհամ Ալիեւի քաղաքականութիւնը «կը ծառայէ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման, տարածաշրջանային համագործակցութեան ամրապնդման»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment