Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Օտարերկրեայ Լրագրողներու եւ Պլոկըրներու Խումբ մը Այցելած է Արցախ

Օտարերկրեայ Լրագրողներու եւ Պլոկըրներու Խումբ մը Այցելած է Արցախ

by MassisPost

«Արցախակերտում» ՀԿ-ի կազմակերպմամբ, 10-13 Փետրուարին Արցախ այցելած է օտարերկրեայ լրագրողներու եւ պլոկըրներու խումբ մը, որուն մէջ ներգրաւուած եղած են ներկայացուցիչներ Ռուսաստանէն, Լաթվիայէն, Հունկարիայէն, Ֆրանսայէն, Ալժերիայէն եւ Իտալիայէն՝ հայ պլոկըրներու ուղեկցութեամբ: Այցի նպատակն էր մասնակցիլ ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ՝ ծանօթանալ երկրի պատմութեան, մշակոյթին եւ զարգացման ներուժին:

Bloggers-Artsakh-8

Այցի շրջածիրէն ներս խումբի անդամները բովանդակալից հանդիպումներ ունեցած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի, ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, ԱԳ նախարար Մասիս Մաիլեանի, Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանի հետ, որու ընթացքին արցախեան ներկայացուցիչները պատասխանած են մասնակիցներու կողմէ բարձրաձայնուած բազմաթիւ հարցերու:

Bloggers-Artsakh-2

Կազմակերպուած են նաեւ խումբի ճանաչողական այցեր առաջնագիծ, արտադրական որոշ ձեռնարկութիւններ, Ստեփանակերտի Թումօ ստեղծարար թեխնոլոկիաներու կեդրոն, ինչպէս նաեւ՝ որոշ տեսարժան վայրեր:

Փետրուար 13-ին օտարերկրեայ լրագրողները եւ պլոկըրները մասնակցած են նաեւ ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment