Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան. «Աթեշեանը եւ Շիրինօղլուն Ապացուցեցին, որ Թուրքիոյ Սիրելիներն Են»

Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան. «Աթեշեանը եւ Շիրինօղլուն Ապացուցեցին, որ Թուրքիոյ Սիրելիներն Են»

by MassisPost

Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը ֆեյսպուքի էջին անդրադարձած է պատրիարքարանի շուրջ ծաւալուող վերջին իրադարձութիւններուն:

Այժմ Պատրիարքի ընտրութիւններու իրականացման անհնարինութիւնը եպիսկոպոսը բացատրած է անով, որ 1863 թուականի ազգային սահամանդրութեան եւ պետութեան կողմէ 1961 թուականին սահմանուած պատրիարքի ընտրութեան կանոնակարգին մէջ ներառուած են կէտեր, որոնք կ’ենթադրեն եկեղեցւոյ եւ պետութեան համաժամանակեայ գործակցութիւն:

Մաշալեան նշած է, որքան եկեղեցին ունի այդ օրէնքները մեկնաբանելու իրաւունք, նոյնքան ալ պետութիւնը ունի: Այս պարագային պետութիւնը կիրառելով իր իրաւունքը որոշած է, որ պատրիարքի աթոռը թափուր համարելու համար գործող պատրիարքի հիւանդութիւնը բաւարար պատճառ չէ: Այնուամենայնիւ, եպիսկոպոսը նշած է, որ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանին հանգստեան կոչելու պատճառը ոչ թէ առողջական խնդիրները եղած են, այլ գիտակցութեան բացարձակ կորուստը, եւ յոյս յայտնած է, որ այդ հարցը մօտ ապագային պիտի կարենան քննարկել պետական պաշտօնեաներուն հետ:

«Այս պահուն պետութեան ցանկութիւնը հնարաւոր չէ անտեսել, քանի որ պատրիարքութիւնը 450 տարի շարունակ գործած է որպէս օսմանեան հաստատութիւն եւ դեռ կը շարունակէ առաջնորդուիլ այդ անդրադարձումներով»,-յայտնած է կրօնական ժողովի ատենապետը՝ ընդգծելով, որ ժողովուրդի մեծամասնութիւնն ալ համայնքի կառավարման հարցի վերաբերեալ բաւական գիտելիքներ չունի:

Մաշալեանը, պետութեան որոշման դէմ չպայքարելու իր դիրքորոշման անդրադառնալով, գրած է. «Կրնայինք ամէն ինչ կրակի տալ, փոշի ու ծուխ բարձրացնել: Բաւականին ալ հետաքրքիր կ’ըլլար: Սակայն այդպէս մեզ միայն աւեր կը բերէինք»: Եպիսկոպոսը նշած է, որ չնայած ինքը եւ Աթեշեանը սկզբունքային հարցերու մէջ տարաձայնութիւններ ունին, բայց թշնամիներ չեն:

Մաշալեանը, որ մէկ տարի առաջ կը պնդէր, որ Աթեշեանի հետ հնարաւոր չէ առաջ շարժիլ, հիմա ալ չի գիտեր՝ կը յաջողի այդ ընել, թէ ոչ, սակայն կը նախընտրէ լաւատես ըլլալ:

«Աթեշեանը եւ Պետրոս Շիրինօղլուն ապացուցեցին, որ պետութեան սիրելիներն են: Մեր համայնքի խնդիրներու նուազագոյնը 70 տոկոսի աղբիւրը դիւանապաշտական         խոչընդոտներն են: Անոնք  իրենց կապերը օգտագործելով կրնան փակ դուռերը բանալ: Այս ուղղութեամբ մեր համայնքը անոնց պէտք է աջակցի եւ խրախուսէ»,-գրած է ան:

Կրօնական ժողովի ատենապետը կը համարէ, որ կատարուածը մեծագոյն անարդարութիւն էր տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանի նկատմամբ: Մաշալեանի համոզմամբ՝ Պեքճեանը, Յունիս 2017-էն ստանձնելով տեղապահի պաշտօնը, պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպելու հարցի վերաբերեալ աւելի շատ բան ըրաւ, քան եղած էր վերջին 9 տարիներու ընթացքին եւ  կրցաւ ամբողջ գործընթացը աւարտին հասցնել. «Մեր եկեղեցին Դեկտեմբեր 10, 2017-ին ընտրութիւնը իրականացնելու համար ամէն ինչ արժանի կերպով պատրաստած էր: Այսինքն, եթէ բնականոն պայմաններու մէջ ըլլային, պատրիարք շատոնց ընտրած կ’ըլլայինք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment