Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ-Մեքսիքական Մշակոյթի Շաբաթ Լոս Անճելոսի Մէջ

Հայ-Մեքսիքական Մշակոյթի Շաբաթ Լոս Անճելոսի Մէջ

by MassisPost

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Փետրուար 2-9-ի օրերուն Լոս Անճելոսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ-Մեքսիքական Մշակութային Շաբաթը: Այդ եօթը օրերուն մշակութային զանազան ձեռնարկներով ներկայացուեցան հայկական եւ մեքսիքական պարեր, ֆիլմեր եւ ընկերային ձեռնարկներ, որոնք երկու համայնքներուն միջեւ սերտ ու սիրալիր յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդեցին:

Ուրբաթ, Փետրուար 2, առաւօտեան ժամը 10-ին Լոս Անճելոսի Վան Նայս քաղաքապետարանին մէջ, տեղի ունեցաւ «Մշակոյթի Շաբթուան» մեկնարկը:

Մեկնարկը կազմակերպուած էր Լոս Անճելոսի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամներէն՝ Մոնիքա Ռոտրիկէզի եւ հայազգի Փօլ Գրիգորեանի կողմէ:

Այս մեկնարկումին ներկայ էին Ա.Մ.Ն.ի մէջ գործող Հայաստանի դեսպան Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան, Լոս Անճելոսի Մեքսիքայի Գլխաւոր հիւպատոս Տիար Գարլոս Կարսիա, Կլենտէլի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ Տիար Արա Նաճարեան, Շրջանիս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Սրբազան Առաջնորդներու  ներկայացուցիչներ՝ Արժ. Տ. Արշակ աւագ քհնյ. Խաչատուրեան եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ  Արժ. Տ. Ռազմիկ աւագ քհնյ. Խաչատուրեան:

Լոս Անճելոսի մէջ 3.5 միլիոն մեքսիքացի կ’ապրի, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն դուրս ամէնէն շատ հայութիւն ունեցող քաղաքը Լոս Անճելոսն է:

Քաղաքապետական Խորհուրդի ժողովին խօսք առին, հիւրընկալ Խորհուրդի անդամ Մոնիքա Ռոտրիկէզ, Փօլ Գրիգորեան, դեսպան Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան, Մեքսիքայի Գլխաւոր հիւպատոս Տիար Գարլոս Կարսիա, Խորհուրդի անդամ Կիլ Սէտիէօ, Նուրի Մարթինէզ: Ոչ հայ պետական անձնաւորութիւններ ամենաջերմ արտայայտութիւններով խօսեցան հայ ժողովուրդին մասին, հայուն աշխատասիրութեան, խելացիութեան, նախաձեռնութեան ոգիին, հիւրասիրութեան եւ ուտեստներու գովքը հիւսելով:

Նմանապէս, Խորհուրդի անդամները շատ սիրալիր եւ ջերմ արտայայտութիւններ ունեցան իրենց շրջաններուն մէջ ապրող հայութեան մասին:

Որպէս հայեր, այդ օր մեր մարմինը փշաքաղուեցաւ հայութեան եւ Հայաստանի մասին այդքան ջերմ գնահատանքի խօսքեր լսելով:

Փետրուար 6-ի երեկոյեան, ժամը 6-ին, Կլենտէլի Իրանահայ Միութեան կեդրոնին մէջ ցուցադրուեցաւ մեքսիքական «Աշակերտը» ֆիլմը, իսկ Փետրուար 8-ին «Կրէնթ» երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ձեռնարկ:

Փետրուար 8-ի երեկոյեան, ժամը 7-ին, Լոս Անճելոսի Մեքսիքայի հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան, վաղեմի եւ յաւիտենական» անունով լուսանկարչական ցուցահանդէսը եւ «Խոստումը» ֆիլմի ցուցադրութիւնը:

Ուրբաթ, Փետրուար 9-ի առաւօտեան, Մետիսըն միջնակարգ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական ձեռնարկ: Իսկ երեկոյեան, Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Մշակոյթի Շաբթուան» փակման ընդունելութիւն մը:

Յիշենք, թէ այս տարի Յունուար 14-ին Հայաստան եւ Մեքսիքա նշեցին իրենց դիւանագիտական յարաբերութեանց 26-ամեակը: Մեքսիքայի մէջ ունինք փոքրաթիւ գաղութ մը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմ, որ կապուած է ԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմին:

Առաջին հայը, որ Մեքսիքա հաստատուած է, 1632 թուականին եղած է Ֆրանսիսքօ Մարթինը: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք աւելի մեծ թիւով հայեր Մեքսիքա գաղթած են, անկէ Ա.Մ.Ն. անցած կամ Արժանթին գացած են այս երկու տեղերը աւելի հայ ունենալնուն համար:

Մեքսիքայի մէջ ունինք շատ նշանաւոր դերասանուհի Ռոսա Կլորիա Չագոյեան (Lola La Trailera) անունով: Իսկ կօշիկի մեծ գործարանի մը տէրը Էնրիքէ Համբարձումեան:

Լատին Ամերիկայի պետական ամէնէն ծանօթ համալսարանն է Նիւ Մեքսիքայի պետական համալսարանը, որուն նախագահն էր Դոկտ. Փրոֆ. Խոսէ Սարուխան, անոր որդին՝ Արթուրօ Սարուխան, 7 տարի եղած է Մեքսիքայի դեսպան եւ դեսպանի փոխանորդ Ա.Մ.Ն.ի մէջ: Հայութիւնը լաւ կը ճանչնայ Արթուրօ Սարուխանը Լոս Անճելոս յաճախակի այցելութիւններով եւ հայերուն հետ շփուելով:

Նմանապէս, Մեքսիքայի հեռատեսիլի ասպարէզին մէջ եւ զանազան կայաններու մեծանուն տնօրէնի ու փոխ- նախագահի անունն է Ռուբէն Քէօսէեան:

Հայաստան դէպի Մեքսիքա կ’արտածէ Cable Box, Electrical Circuits եւ X-Ray-ի նկարահանող մեքենաներ, իսկ Մեքսիքա Հայաստանին կը ղրկէ 3 անիւով մոթորսայքըլներ, սուրճ եւ անշուշտ թեքիլլա խմիչքը:

Հաճելի եւ հետաքրքրական շաբաթ մըն էր իրապէս, որուն համար կը շնորհաւորենք Ա.Մ.Ն.ի էջ գործող Հայաստանի դիւանագիտական պատասխանատուները,, այս գնահատելի աշխատանքին համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment