Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ը Պատասխանած է Էրտողանի՝ Օսմանեան Ապտակի Մասին Յայտարարութեան

ԱՄՆ-ը Պատասխանած է Էրտողանի՝ Օսմանեան Ապտակի Մասին Յայտարարութեան

by MassisPost

ԱՄՆ-ի պետական    քարտուղարութեան  խօսնակ Հեթըր Նոյերթ անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի այն յայտարարութեան, ուր վերջինս ըսած էր, թէ ակնյայտ է, որ ԱՄՆ-ի մէջ օսմանեան ապտակ չեն կերած:

Մամլոյ  ասուլիսի ժամանակ լրագրողներէն մէկը հետաքրքրուած է, թէ արդեօք պետական քարտուղարութիւնը  չանհանգստանար  Թուրքիոյ մէջ հնչող հակաամերիկեան յայտարարութիւնները, որոնք երթալով աւելի կոշտ բնոյթ կը ստանան:

Նոյերթ ի պատասխան ըսած է, որ իրենք վարժ են նման յայտարարութիւններու:

«Մենք չենք զայրանար, երբ Թուրքիոյ կամ մէկ այլ երկրի կառավարութեան կողմէ նման յայտարարութիւններ կը հնչեն: Մենք կը տեսնենք այլ կառավարութիւններու ու առաջնորդներու նմանատիպ յայտարարութիւններն ու ընկերային ցանցերու վրայ անոնց գրառումները: Սակայն անոնցմէ որեւէ մէկը հաշուի չենք առներ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը ձեւաւորելու ժամանակ»,- ըսած է Նոյերթ:

Անդրադառնալով Սուրիոյ  քրտաբնակ Աֆրին շրջանին մէջ Թուրքիոյ սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն՝ Նոյերթ ըսած է, որ իրենք այդ շրջանին մէջ գործունէութիւն չեն ծաւալեր, սակայն միեւնոյնն է Աֆրինի մէջ ստեղծուած լարուածութիւնը ԱՄՆ-ին անհանգստութիւն կը պատճառէ:

«Կը հասկնանք, որ ՆԱԹՕ-ի մեր դաշնակից Թուրքիան իր անվտանգութեան հետ կապուած Սուրիոյ որոշ շրջաններէն եկող վտանգներու վերաբերեալ հիմնաւոր անհանգստութիւն ունի: Մենք այդ կը հասկնանք, սակայն մենք կ’ուզենք անոնց հետ խօսիլ այնպիսի լուծման մասին, որ աշխատող կ’ըլլայ ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ Սուրիոյ ու ԱՄՆ-ի համար»,- ըսած է ԱՄՆ-ի պետքարտուղարութեան խօսնակը:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ զինուած ուժերու զօրավար Փոլ Ֆանքը, որ Սուրիոյ տարածքին եւ Իրաքի մէջ գործող ԱՄՆ գլխաւորած դաշինքի զինուած ուժերու հրամանատարն է, կոշտ արձագանգ տուած էր սուրիական Մընպէճի վրայ յարձակելու Թուրքիոյ նախագահի   յայտարարութիւններուն:

Ամերիկացի հրամանատարը նշած էր, որ Մընպէճի վրայ թրքական ԶՈւ յարձակման պարագային իրենք համապատասխան հակահարուած պիտի տան Թուրքիոյ:

Անոր ի պատասխան՝ Էրտողան ըսած էր. «Մեզ հարուածողներուն պատասխան կու տանք» ըսողները ակնյայտ է, որ երբեւէ օսմանեան ապտակ չեն կերած: Անոնք, որոնք կը կարծեն, որ իրենց ուզածին պէս կրնան ելումուտ ընել Թուրքիա, ամէն սանձարձակութիւն իրենց թոյլ տալ ու պատասխան չստանալ, շատ վաղ ապագային պիտի տեսնեն, որ այդ մէկը ամենեւին ալ այդպէս չէ»,- ըսած էր Էրտողանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment