Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Պուլկարական Բանակցութիւններ Երկու Երկիրներու Նախագահներու Գլխաւորութեամբ

Հայ-Պուլկարական Բանակցութիւններ Երկու Երկիրներու Նախագահներու Գլխաւորութեամբ

by MassisPost

Պուլկարիոյ նախագահի պետական այցի շրջածիրէն ներս Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ երէկ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռումէն Ռատեւի առանձնազրոյցէն ետք կայացած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ, ապա տեղի ունեցած է երկու երկիրներու միջեւ շարք մը ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնմանն ու խորացմանն ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, մասնաւորապէս ստորագրուած են գաղտնի տեղեկատուութեան փոխադարձ պաշտպանութեան, աշխատանքային գաղթի կանոնակարգման, տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու եւ կապի ոլորտներու մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագրերը, մշակոյթի բնագաւառին մէջ 2018-2020 թուականներուն համագործակցութեան գործնական ծրագիրը:

Սարգսեանը եւ Ռատեւը հանդիպման արդիւնքները ամփոփած են զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու առջեւ յայտարարութիւններով:

«Վերահաստատեցինք յարաբերութիւններն ամրապնդելու երկուստեք յանձնառութիւնը եւ պայմանաւորուեցինք լրացուցիչ ջանքեր ներդնել հայ-պուլկարական երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութեանը նոր տինամիքա հաղորդելու ուղղութեամբ», – մասնաւորապէս ըսած է Հայաստանի նախագահը:

«Շնորհաւորեցի իմ յարգարժան գործընկերոջը Եւրոպական միութեան խորհրդում Պուլկարիայի նախագահութեան ստանձնման կապակցութեամբ՝ մաղթելով բեղմնաւոր աշխատանք։ Եւրոպական միութիւնը Հայաստանի կարեւորագոյն գործընկերներից է, ուստի սա եւս մի ուղղութիւն է, որտեղ հայ-պուլկարական փոխգործակցութիւնը խորացնելու մեծ հեռանկարներ կան։», – նշած է Սերժ Սարգսեանը:

Նշելով, որ անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին, Սերժ Սարգսեանը փոխանցած է․ – «Այդ կապակցութեամբ ես նշեցի, որ մեզ համար չափազանց կարեւոր է մեր գործընկերների աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահների ձեւաչափով ընթացող գործընթացին, ինչը համահունչ է նաեւ ԵՄ ընդհանուր դիրքորոշմանը»։

Հայաստանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ հայ-պուլկարական քաղաքական երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը աւելի պիտի ընդլայնուին եւ զարգանան:

Պուլկարիան կը հաւատայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը կրնայ կարգաւորուիլ խաղաղ ճանապարհով Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ Եւրոմիութեան աջակցութեամբ: Այս մասին յայտարարած է Պուլկարիոյ նախագահ Ռումեն Ռատեւ` անդրադառնալով լրագրողներէն մէկու այն հարցին, թէ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները պարբերաբար կ՛աղաւաղեն Ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման վերաբերեալ տարբեր երկիրներու, որոնց մէջ` Պուլկարիոյ մօտեցումները: «Կը ներկայացնէ՞ք Ձեր դիրքորոշումը եւ արդեօք անիկա կը համընկնի՞ Եւրոմիութեան դիրքորոշման հետ»:

«Պուլկարիան շատ յստակ դիրքորոշում ունեցած է, որ հիմնահարցը կրնայ լուծուիլ խաղաղ միջոցներով` Մինսկի խումբի միջնորդութեամբ` ԱՄՆ-ի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի համանախագահութեամբ, եւ ԵՄ աջակցութեամբ: Շատ կարեւոր է երկու երկիրներու նախագահներու աշխոյժ երկխօսութիւնը, որ աւելի քիչ զգացումներու ու աւելի շատ խոհամտութեան վրայ հիմնուի: Որպէս Եւրոպական Միութեան խորհուրդը նախագահող երկիր Պուլկարիան պիտի աջակցի այս դիրքորոշումը առաջ մղելուն»,-  ըսած է նախագահ Ռատեւ:

Ռումէն Ռատեւը շեշտած է, որ «հայկական համայնքը Պուլկարիոյ մէջ ոչ միայն պահպանած է իր ազգային ինքնութիւնը, այլեւ բաւականին լաւ եւ արդիւնաւէտ կերպով ընդելուզուած է Պուլկարիոյ հանրութեան, ներկայացուած է մշակութային եւ գիտական կեանքին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment