Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքու «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Նախագահներու Ընտրութիւններէն Ետք Բանակցութիւնները Աշխոյժ Կերպով Պիտի Շարունակուին»

Պաքու «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Նախագահներու Ընտրութիւններէն Ետք Բանակցութիւնները Աշխոյժ Կերպով Պիտի Շարունակուին»

by MassisPost

Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդները՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի համանախագահները երէկ Պաքուի մէջ հանդիպած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այդ հանդիպման մասին Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը ըսած է, որ «Քրաքովի հանդիպման առաջ քաշուած կարծիքներու հիման վրայ համանախագահներու հետ յստակ քննարկումներ տեղի ունեցած են հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ»:

Հիքմեթ Հաճիեւի խօսքերով «պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ, առկայ առաջարկներու եւ կարծիքներու հիման վրայ,  բանակցութիւնները աշխոյժ  կերպով պիտի շարունակուին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment