Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Սարգսեանը Փարիզի մէջ Հանդիպած է ֆրանսացի Պատգամաւորներուն

Արմէն Սարգսեանը Փարիզի մէջ Հանդիպած է ֆրանսացի Պատգամաւորներուն

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ ՀՀ նախագահի թեկնածու առաջարկուած Արմէն Սարգսեանը Փարիզի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Ժաք Մարիլոսեանի եւ տիկին Տելֆին Օի հետ։ Ժաք Մարիլոսեանը Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահն է, իսկ Տելֆին Օն կը հանդիսանայ Իրանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ եւ Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ։

Տեղի ունեցած է մտքերու փոխանակում Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման, Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու արդիւնքով կառավարման նոր համակարգի ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հիմնախնդիրներու շուրջ։

Արմէն Սարգսեանը նաեւ հանդիպում ունեցած է պատգամաւոր Ալեքսանտր Հոլրոյտի հետ եւ քննարկած երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։ Ֆրանսայի քաղաքացի ըլլալով, Հոլրոյտ կը բնակի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ եւ այնտեղէն ընտրուած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր։ Նման ձեւաչափը թոյլ կու տայ ներկայացնել Ֆրանսայի շահերը մեծ ֆրանսական համայնքներ ունեցող երկիրներու մէջ, այդ շարքին՝ Միացեալ Թագաւորութեան։ Միեւնոյն ժամանակ ան կը ներկայացնէ բրիտանա-ֆրանսական համայնքի շահերը՝ Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment