Home ԱՅԼԱԶԱՆ Արեւմտահայերէնը Արդէն Առանձին Լեզուական Կարգանիշ Ունի

Արեւմտահայերէնը Արդէն Առանձին Լեզուական Կարգանիշ Ունի

by MassisPost

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան տարած ջանքերով, արեւմտահայերէնը օժտուեցաւ յատուկ ISO 639-3 լեզուական կարգանիշով։ SIL International-ը, որ ISO 639-3-ը գրանցող մարմինն է, 30 Յունուար 2018-ին որոշեց ստեղծել «hyw» կարգանիշը արեւմտահայերէնի համար։

Գրական հայերէնի երկու ճիւղերը՝ արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը, ժամանակակից հայերէնի երկու գրական տարբերակներն են, որոնք զարգացած են տարբեր ուղղութիւններով եւ կառուցուածքով, առանձին միջավայրերու մէջ եւ առանձին գրականութեամբ, զորս միշտ չէ, որ կ’ընթերցուին կամ կը հասկցուին միւս ճիւղի անդամներուն կողմէ։ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէն ետք արեւելահայերէնը, միջին հայերէնն ու գրաբարը թէեւ առանձին լեզուական կարգանիշեր ստացան, բայց ոչ՝ արեւմտահայերէնը։

Արեւմտահայերէն լեզուով կը խօսուի, դպրոցներէն ներս կը դասաւանդուի, թերթեր լոյս կը տեսնեն, գիրքեր կը թարգմանուին եւ նոր գրականութիւն կը ստեղծուի, հակառակ այդ բոլորին՝ 2010-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն զայն ներառեց «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ելեկտրոնային քարտէս»էն ներս։ Լեզուին անկումը կանխելու նպատակով՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, բազմաթիւ միջոցառումներ նախաձեռնուեցան․ անոնցմէ մէկը ելեկտրոնային աղբիւրներու՝ ներառեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի զարգացումն էր, ուր ներգրաւուեցան բազմաթիւ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ։ Արեւմտահայերէնը առանձին լեզուական կարգանիշ չունենալուն պատճառով, առցանց համակարգէն ներս, պարբերաբար խնդիրներ կը յառաջանան։ Օրինակ, Արեւելահայերէն Ուիքիփետիայի էջին վրայ մէկ նիւթի մասին կը ստեղծուի երկու յօդուած մէկը՝ արեւելահայերէն, իսկ միւսը՝ արեւմտահայերէն, այսինքն՝ առանձին կարգանիշ եւ առանձին հարթակ չունենալու պատճառով արեւմտահայերէն յօդուածները կը գտնուին արեւելահայերէն յօդուածներուն հետ միեւնոյն էջին վրայ՝ ընթերցողները շփոթի մատնելով արեւմտահայերէն յօդուածին գոյութեան մասին։ Միաժամանակ, խնդիր կը յառաջանայ թուային արհեստագիտութեան կիրառման ժամանակ․ ուղղագրական ստուգիչի, ձայնային ճանաչման, թարգմանութեան եւ այլ ծրագիրներու միաժամանակ օգտագործումը երկու ճիւղերուն համար պարզապէս կարելի չէ։

«Ուիքիմետիա Հայաստան»ն ու Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը երեք տարի առաջ նախաձեռնեցին առանձին լեզուական կարգանիշ ստանալու գործընթացին, երբ տարբեր ձեռնարկներու եւ գործունէութիւններու միջոցով սկսան տարածել ու աջակցիլ արեւմտահայերէն բովանդակութիւն ունեցող նիւթերուն ստեղծման, աջակցութեամբ՝ Հայաստանի եւ սփիւռքահայ համայնքներու արեւմտահայ անդամներուն։

Բացի «Ուիքիմետիա Հայաստան»էն եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութենէն, այս գործընթացին մէջ ներառուած են նաեւ Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկի Հայագիտական ամպիոնը, այլ գիտակրթական հաստատութիւններ եւ Սփիւռքի բազմաթիւ համայնքներու ներկայացուցիչներ, որոնք՝ 2016-ի ամրան, խնդրագրով մը դիմած են SIL International-ին։ Այս յաջողութիւնը միասնական ջանքերու արդիւնք է եւ պիտի նպաստէ Արեւմտահայերէն բովանդակութեամբ նիւթերու զարգացման, հասանելիութեան, եւ համացանցին վրայ անոնց տարածման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment