Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Նահանգապետարանը Անվաւեր Հռչակած է Գարեգին Արք. Պեքճեանի Ընտրութիւնը

Պոլսոյ Նահանգապետարանը Անվաւեր Հռչակած է Գարեգին Արք. Պեքճեանի Ընտրութիւնը

by MassisPost

Ամիսներ տեւած լռութենէ ետք, Պոլսոյ նահանգապետարանը ի վերջոյ պատասխանած է Պոլսոյ հայոց նոր պատրիարքի ընտրութեան իրականացման վերաբերեալ դեռ օգոստոս ամսուն ուղարկուած դիմումին:

«Ակօս» պարբերականի հաղորդմամբ, փոխնահանգապետ Իսմայիլ Կիւլթեքինի կողմէ ստորագրուած նամակով թրքական պատկան մարմինները յայտնած են, որ չեն ճանչնար Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանին՝ իբրեւ պատրիարքական տեղապահ:

Իսմայիլ Կիւլթեքինի նամակին մէջ ընդգծուած է, որ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը դեռ ողջ է, ուստի նոր պատրիարքի ընտրութեան համար անհրաժեշտ պայմաններ չկան: Կը նշուի նաեւ, թէ պատրիարք Մութաֆեանի առողջական խնդիրները պատրիարքական աթոռը թափուր ճանչնալու պատճառ չեն համարուիր, հետեւաբար՝ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը կը շարունակէ մնալ պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնին, իսկ տեղապահ Գարեգին Պեքճեանի ընտրութեան գործընթացը, ինչպէս նաեւ անոր կայացուցած որոշումները անվաւեր կը համարուին:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը առայժմ չէ արձագանգած նահանգապետարանէն ստացուած նամակին: Յայտնի է նաեւ, որ վաղը համայնքային հիմնադրամներու ղեկավարները հրաւիրուած են Պոլսոյ նահանգապետարան, ուր ներքին գործոց նախարար Սուլեյման Սոյլուի մասնակցութեամբ հանդիպման պիտի քննարկուի պատրիարքի ընտրութեան հարցի շուրջ առաջացած ճգնաժամը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment