Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անվտանգութեան Խորհուրդի Կազմաւորման Մասին Օրինագիծը ԱԺ Յանձնաժողովէն Ներս Կոշտ Քննադատութեան Արժանացած է

Անվտանգութեան Խորհուրդի Կազմաւորման Մասին Օրինագիծը ԱԺ Յանձնաժողովէն Ներս Կոշտ Քննադատութեան Արժանացած է

by MassisPost

Պետական իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովէն ներս երէկ ընդդիմադիր քանի մը պատգամաւորներ կոշտ քննադատութեան ենթարկած են «Անվտանգութեան խորհուրդի կազմաւորման եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի նախագիծը։

Նշենք, որ ըստ նոր Սահմանադրութեան, Անվտանգութեան խորհուրդը պիտի ղեկավարէ վարչապետը, վարչապետէն զատ, Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները պիտի ըլլան՝ առաջին փոխվարչապետը, փոխվարչապետները, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, պաշտպանութեան նախարարը, արտաքին գործոց նախարարը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը, Ոստիկանութեան պետը, Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետը:

«Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանը բարկացած եւ լքած է նիստերու դահլիճը՝ նշելով, որ նախագիծին մէջ հակասահմանադրական դրոյթներ կան։

Մարուքեան, մասնաւորապէս, մատնանշած է առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը՝ յայտարարելով, որ այդ մէկը հակասահմանադրական է՝ «այդ անուամբ պաշտօն Սահմանադրութիւնը չի սահմանել»։

Պետական իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի Հանրապետական նախագահ Հրայր Թովմասեանը հակադարձած է՝ նշելով, որ իրենք իրաւունք ունին նման ձեւակերպում սահմանել։

Ընդդիմադիր «Ծառուկեան» խմբակցութենէն Գէորգ Պետրոսեան իր հերթին նշած է, որ իրենց համար ընդհանրապէս անհասկնալի եւ անընդունելի է, թէ ինչպէս խորհրդարանական կառավարման համակարգ որդեգրած Հայաստանը կը ստեղծէ մարմին մը՝ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդ, ուր ընդգրկուած չեն առանցքային պաշտօններ զբաղեցնող մարդիկ, մասնաւորապէս՝ նախագահ, դատախազ, Սահմանադրական դատարանի նախագահ։

Թովմասեան հակադարձած է, ըսելով, որ եթէ այդ անձինք ներառուէին այս համակարգին մէջ, ապա այն կ’ըլլար հակասահմանադրական, քանի որ, ըստ անոր, Սահմանադրութեամբ ամրագրուած է, որ Անվտանգութեան խորհուրդը, ըստ էութեան, գործադիր մարմնի գործառոյթ պիտի կատարէ, հետեւաբար, եթէ այնտեղ Ազգային ժողովի նախագահ կամ Ազգային ժողովէն այլ ներկայացուցիչներ ըլլային, ապա կը խախտուէր իշխանութիւններու բաժանման սկզբունքը։

Նախագիծը դրական եզրակացութեան արժանացաւ, հաշուի առնելով նաեւ այն հանգամանքը, որ յանձնաժողովին մէջ հանրապետականները մեծամասնութիւն կը կազմէին։

Ամենայն հաւանականութեամբ հարցը այսօր պիտի ընդգրկուի Ազգային ժողովի լիագումար նիստի օրակարգ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment