Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւ Յայտարարած է Արտահերթ Նախագահական Ընտրութիւններ Ատրպէյճանի Մէջ

Ալիեւ Յայտարարած է Արտահերթ Նախագահական Ընտրութիւններ Ատրպէյճանի Մէջ

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Փետրուար 5-ին անսպասելի որոշում կայացուցած է՝ արտահերթ նախագահական ընտրութիւններ իրականացնել 11 ապրիլին։

Ատրպէյճանի 2016 թուականին փոփոխուած Սահմանադրութեամբ, նախագահը իրաւունք ունի արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու մասին միանձնեայ որոշումներ կայացնել։

«Թուրան» գործակալութիւնը նշած է, որ աւելի վաղ իշխանութիւնները նախագահական ընտրութիւններու իրականացման օր յայտարարած են 17 հոկտեմբերը։

Թէ ի՞նչն է Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւնները վեց ամիս առաջ կատարելու նախագահ Ալիեւի պատճառը, առ այժմ յայտնի չէ։

Նշենք, որ Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու մտադրութիւն յայտնած են «Մուսաուաթ»-էն Իսա Ղամպարը, դասական «Ժողովրդական ճակատ» կուսակցութեան առաջնորդ Միրմահմուտ Միրալիօղլուն եւ գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment