Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի Առճակատումը Հայաստանին Ձեռնտու Չէ. Արմէն Աշոտեան

ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի Առճակատումը Հայաստանին Ձեռնտու Չէ. Արմէն Աշոտեան

by MassisPost

Հայաստանը երբեք չի փորձեր Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի հետ իր յարաբերութիւնները իրար հետ պայմանաւորել: Այս մասին Փետրուար 1-ին տեղի ունեցած արտաքին յարաբերութիւններու մշտական խորհրդարանական յանձնաժողովի նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Հայաստանի իշխող Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը:

Անոր խօսքով, Հայաստանը տուեալ գաղափարներու մէկտեղման գօտի է եւ ակնյայտ է, որ ոչինչ կը շահի ռուս-ամերիկեան տնտեսական եւ քաղաքական առճակատումէն: «Աշխարհն ընդհանուր առմամբ այս ամէնից ոչինչ չի շահում»,- աւելցուցած է Արմէն Աշոտեանը: Սա, ըստ անոր, ձեռնտու չէ առկայ համաշխարհային մարտահրաւէրներու պատճառով, այդ շարքին նաեւ՝ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ համաշխարհային տնտեսական կայունութեան ապահովման ոլորտէն ներս:

Խօսելով ԱՄՆ-ի կողմէ ռուսական գործարարներու եւ քաղաքական գործիչներու, այդ շարքին նաեւ՝ հայերու նկատմամբ նոր պատժամիջոցներու ցուցակի մասին՝ Արմէն Աշոտեանը խորհուրդ տուած է անոր հանդէպ հանգիստ վերաբերուիլ եւ չլարել իրավիճակը, քանի որ յայտնի չէ, թէ ինչ հետեւանքներու կրնայ յանգեցնել յատկապէս հայկական կողմի համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment