Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լոս Անճելըսի Մէջ Տօնակատարուեցաւ Հայոց Բանակի 26-րդ Տարեդարձը

Լոս Անճելըսի Մէջ Տօնակատարուեցաւ Հայոց Բանակի 26-րդ Տարեդարձը

by MassisPost

Իրանահայ Միութեան կազմակերպութեամբ եւ Հայաստանի Հիւպատոսութեան հովանաւորութեան տակ նշուեցաւ Հայոց Բանակի  26-րդ Տարեդարձը` Իրանահայ Միութեան Կլէնտէլի կեդրոնէն ներս, Կիրակի, 28 Յունուար, 2018 -ին:

Ներկայ էին գաղութիս բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ հոծ բազմութիւն մը: Օրուայ գլխաւոր հիւրերն էին հայրենիքէն  ժամանած, Ապրիլեան պատերազմի հերոսներ` Նարեկ Մալխասեան եւ Մարատ Պետրոսեան, որոնց կ’ընկերակցէր Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ քարտուղար`  Արծրուն Յովհաննէսեան:

Ձեռնարկը սկսաւ Ամերիկայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, նաեւ յոտնկայս մէկ վարկեան յարգելով յիշատակը բոլոր հայ ազգի զոհուած զինուորներուն եւ հերոսներուն:

Օրուայ հանդիսավար Յովիկ Կապիկեանի բացման խօսքէն ետք բարի գալուստի մաղթանքներով հանդէս եկաւ Իրանահայ Միութեան ղեկավարներէն  Թոմիկ Ալէքսանեան: Ան նշեց որ մենք ունինք հզօր բանակ մը եւ ապա ներկայացուց երկու զինուորները, որոնք Ապրիլեան պատերազմին  ցոյց տուին հերոսութեան գագաթնակէտը:

Հայաստանի հիւպատոսութեան  խօսքը փոխանցեց  Ռազմիկ Ստեփանեան,  շնորհակալութիւն յայտնելով Իրանահայ Միութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ նշեց, որ հայ ազգը կրնայ հանգիստ քուն մը քնանալ, որովհետեւ  կայ մեզ պաշտպանող հզօր հայ բանակ, որ նաեւ մեր հպարտութիւնն է ու պատիւը:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Տօքթ. Յակոբ Այնթէպլեան, շնորհաւորելով Հայոց  Բանակը իր անցեալի եւ ներկայի սխրագործութիւններուն առթիւ`  մէջբերելով Խորենացիի «Սահման Քաջաց, զէնն Իւրեանց» խօսքը:

PanagՏօնակատարութեան ներկայ էին ու ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Կլէնտէլի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամներ` Արա Նաճարեան, Կրէկ Աղաճանեան եւ Զարեհ Սինանեան:

Կլէնտէլի Քաղաքապետ Վարդան Կարապետեան շնորհաւորեց այս յատուկ առիթը եւ Իրանահայ Միութիւնը, գնահատեց Հայ Բանակը եւ ողջունեց ներկայութիւնը Նարեկի եւ Մարատի:

Հայաստանի նախագահի  խորհրդականներէն  Գագիկ Գէորգեան հանդէս գալով շեշտեց, որ հայոց բանակը ամենալաւ պատրաստուած բանակներէն է եւ ըսաւ. «պատերազմի ժամանակ կը յաղթէ ոգին. հայ զինուորի ոգին»:

Գաղութի սիրուած երգիչ Արմենչիք երկու երգով խանդավառեց ներկաները, որմէ  ետք խօսք առաւ փոխ գնդապետ Արծրուն Յովհաննէսեան, շնորհաւորելով բանակի ազգային տօնը  եւ շնորհակալութիւն յայտնելով   նշեց, որ այս համայնքը միշտ ալ ունի վերադարձի հայրենիք:

Օրուայ յատուկ երգերով բեմ բարձրացաւ Հայրենիքէն ժամանած եւ սիրուած երգիչ` Անտրէն: Ապա իրանահայ սիրուած երգիչ Անտին եւ անկէ ետք ծանօթ երգիչ` Գագիկ Պատալեան:

Օրուայ հիւրեր Նարեկ Մալխասեան եւ Մարատ Պետրոսեան յաջորդաբար բեմ բարձրացան, բուռն ծափահարութիւններէ ետք համեստօրէն իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին Լոս Անճելոսի գաղութին եւ ներկաներուն:

Պէտք է ըսել որ սոյն ձեռնարկը շատ յատկանշական էր իր բնոյթով ու նպատակով  եւ ներկաներու  մօտ զգայացունց պահեր յառաջացուց:

Ի վերջոյ, Հայոց Բանակը բոլոր հայ ազգին պատիւն է եւ անոր արթուն պահակը:

Կեցցե~ն բոլոր անոնք որ անխաբան նուիրուած են այս սուրբ գործին եւ իրենց արեան գնով մեզի կեանք կ’ընծայեն եւ կը պաշտպանեն մեր Հայրենիքն ու հզօր Արցախը:

Նախքան տօնակատարութեան հանդիսութիւնը, հայրենի հիւրերը հանդիպում ունեցան Լոս Անճելըսի համայնքէն ներս գործող կազմակերպութիւններու ղեկավարութեան  հետ ու այս առթիւ պատասխանեցին շարք մը հարցերու,  յատկապէս  բանակաշինութեան հետ կապուած տեղեկութիւններ փոխանցելով:

Վարձքը կատար բոլորին:

ԼԵՆԱ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment