Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Էրտողան Չեղեալ Յայտարարած է Լատինական Ամերիկա իր Նախատեսուած Այցը

Էրտողան Չեղեալ Յայտարարած է Լատինական Ամերիկա իր Նախատեսուած Այցը

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան չեղեալ յայտարարած է Լատինական Ամերիկա նախատեսուած այցելութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրէս»-ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական «Հիւրրիյէթ» պարբերականը:

Փետրուար 5-ին Էրտողանը պէտք է այցելէր Վատիկան եւ Իտալիա, այնուհետեւ Պրազիլ, Ուրուկուէյ եւ Վենեզուելլա: Սակայն Թուրքիոյ նախագահականէն յայտարարութիւն հրապարակուած է, ուր նշուած է, թէ նախագահի արտերկրեայ այցը պիտի սահմանափակուի միայն Վատիկանով եւ Իտալիայով:

Թէ ինչն է Լատինական Ամերիկա այցը չեղարկելու պատճառը, դեռ յայտնի չէ:

Յիշեցնենք որ Ուրուկուէյի հայկական կառոյցները կը պատրաստուէին կազմակերպել   զանազան բողոքի գործողութիւններ դատապարտելու համար Էրտողանի այցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment