Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԱՐՖը $175,000 ԱՄՆ Տոլար կը Տրամադրէ Հալէպի Գործատեղիներու Վերականգնումին ի Նպաստ

ՍԱՐՖը $175,000 ԱՄՆ Տոլար կը Տրամադրէ Հալէպի Գործատեղիներու Վերականգնումին ի Նպաստ

by MassisPost

Վերջին շրջանին, որոշ չափով Սուրիոյ Մայր գաղութի խաղաղութեան բարի լուրերը կը տարածուին համայն  հայութեան առօրեայէն ներս, երբ անցնող Վեց տարիներուն սուրիահայ մեր հայրենակիցներու կեանքէն ներս, դաժան պատերազմի հետեւանքով, ունեցանք բազմաթիւ որբեւայրի,հաշմանդամ  եւ կորուսեալ անհատներով  լի ընտանիքներ. զուգահեռ կիսակործան ու քանդուած կալուածներ, բնակարաններ, դպրոցներ, ակումբներ, կեդրոններ եւ գործատեղիներ եւ աւելին, երկիրն ու հայկական թաղամասերը պաշտպանող՝ երիտասարդ Հայ անգին զոհեր…:

Հիմնուելով  անցեալ  տարուան Ապրիլ  ամսուան մէջ տեղի ունեցած, Կիլիկիոյ Աթոռանիստ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի համագումարի որոշումներուն, ՍԱՐՖի գործադիր մարմինս անհրաժեշտ եւ առաջնահերթ համարելով ծրագրեց, օժանդակել Սուրիահայ Մայր գաղութի վերականգման եւ վերակառուցման ծրագիրներուն, որ մեծապէս պիտի կը կեդրոնանար կիսաքանդ գործարաններու վերակառուցման եւ կեանքի կոչման, որպէսզի ինքնաբաւ դառնալով եւ բարենպաստ պայմաններով ապրելու նորոգ յոյսերը՝ իրենց ամենօրեայ կեանքի կարիքներու լուծման եւ գոյատեւման ծառայէր:

ՍԱՐՖը տակաւ պատնէշի վրայ է,վերականգնումի այս յոյժ կարեւոր ու անմիջական ծրագրի օժանդակութեան ի խնդիր եւ խորապէս կը գնահատէ մեր հայրենակիցներու յարատեւ ազնիւ աջակցութիւնն ու գործակցութիւնը՝ Սուրիոյ պատերազմին անցնող Վեց տարիներու ընթացքին, մեծահոգի ու առատաձեռն նուիրատուութեամբ օժանդակելու՝ Սուրիահայ մեր հայրենակիցներու գոյատեւման միշտ հաւատալով, որ « ո՛չ մէկ Հայ անհատ պիտի մնայ անտէր ու անօգնական»:

Առ ի տեղեկութիւն մեր գաղութի հայրենակիցներուն, որ վերջին շրջանին ՍԱՐՖի միջոցաւ նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը՝ Սուրիոյ ՇՏԱՊի եւ Վերականգնումի մարմնին փոխանցած է՝ $175,000 (Հարիւր եւ Եօթանասուն Հինգ Հազար) ԱՄՆ տոլարի կոկիկ գումար մը, որ գլխաւորաբար պիտի օգտագործուի՝ գործատեղիներու եւ կրթական անմիջական կարիքներու բարեկարգման :

Վարձքը կատա՛ր,ՍԱՐՖի գործունէութիւնը վառ պահելու նպաստող բարերար մեր հայրենակիցներու ազնիւ նուիրատուութեան եւ օժանդակութեան համար :

Միասնակա՛ն ջանքերով պիտի վերականգնե՛նք Սուրիահայ Մայր գաղութը:

ՍԱՐՖի Վերականգնումի Մարմին

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment