Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայրենադարձութեան Եւ Հայադարձութեան Մասին

Հայրենադարձութեան Եւ Հայադարձութեան Մասին

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս տեղի ունեցած է «ՀՀ-Սփիւռք գործակցութեան զարգացումները» թեմայով քննարկում, որուն ընթացքին   Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան  պատասխանած է պատգամաւորներու շարք մը հարցերուն, որոնք կը վերաբերին սփիւռքեան ներկայ իրավիճակին ու անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Նախ ըսենք որ, Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ ինք` Տիկ. Յակոբեանը գնահատելի  ու դրական  աշխատանք կը տանին Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ մնայուն կապի պահպանման եւ զարգացման առումով` նկատի ունենալով յատկապէս իրենց տրամադրութեան  տակ եղող սահմանափակ միջոցները: Թէեւ Հայաստանեան  մամուլին մէջ քննադատութիւններ ու մեղադրանքներ անպակաս են  Սփիւռքի նախարարութեան հասցէին, սակայն, մեր կարծիքով, անոնք մեծ մասամբ չափազանցուած են եւ անարդար:

Վերոյիշեալ քննարկումներու ընթացքին նախարարուհին արտայայտած է կարգ մը մտքեր, որոնց մասին կ’արժէ որոշ խորհրդածութիւններ կատարել:

«Մենք հայադարձութեան հարց ենք դրել, ոչ թէ հայրենադարձութեան եւ յորդորում ենք համայնքներին, որ զբաղուեն այն հայերով, ովքեր դադարել են հայ լինելուց»,- ըսած է նախարարուհին: Տեսականօրէն այս միտքը բաւական  գրաւիչ է, սակայն հայադարձութիւնը շատ դժուար իրագործելի  նախաձեռնութիւն մըն է եւ սփիւռքեան կառոյցներու կարողութենէն վեր: Հայրենադարձութիւնը աւելի իրատեսական է եւ հեռանկարային:

Սփիւռքահայութեան մտահոգութիւններու շարքին  Տիկ. Յակոբեան յիշած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, Արցախի  հիմնախնդիրը եւ ՀՀ-ի շրջափակումը: Ասոնց վրայ   պէտք է աւելցնել այլ մտահոգութիւններ եւս. Հայաստանի տնտեսութեան մէջ մրցակցութեան բացակայութիւնը, արդար ընտրութիւններու եւ այլ ազատութիւններու խաթարումը, մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումը: Ասոնք եւս այն ազդակներն են, որոնք, ոչ միայն չեն քաջալերեր հարենադարձութիւնը, այլեւ   պատճառ կը դառնան, որ յատկապէս երիտասարդ սերունդը  հեռանայ իր արմատներէն:

Եթէ Հայաստանի մէջ ստեղծուին տնտեսական ու քաղաքական  բարենպաստ պայմաններ, վերջին տարիներուն Հայաստանէն  արտագաղթածներու մէկ որոշ տոկոսը կրնան մտածել Հայրենիք վերադառնալու մասին: Հետեւաբար, շեշտը պէտք է դնել հայրենադարձութեան վրայ եւ ոչ թէ հայադարձութեան:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment