Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տաւոսի Մէջ Հայաստանի Վարչապետը Հանդիպումներ Ունեցած է Միջազգային Ընկերութիւններու Ղեկավարներուն հետ

Տաւոսի Մէջ Հայաստանի Վարչապետը Հանդիպումներ Ունեցած է Միջազգային Ընկերութիւններու Ղեկավարներուն հետ

by MassisPost

Հայստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը Տաւոսի մէջ ընթացող Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ծիրէն ներս հանդիպումներ ունեցած է միջազգային խոշոր ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, խորհրդատուութեան ոլորտէն ներս «Մեծ եռեակ»-ի ընկերութիւններէն մէկու՝ «Պի Սի Ճի»-ի (Boston Consulting Group, BCG) նախագահ Հանս-Փոլ Պիորնէրի հետ վարչապետը քննարկած է «Պի Սի Ճի» եւ «Պի Սի Ճի Տիճիթլ Վենչուրս» ընկերութիւններու հետ համագործակցութեան հեռանկարները: Կարապետեան ընդգծած է, որ Հայաստանը կրնայ հետաքրքիր ըլլալ ընկերութեան համար՝ ինչպէս որպէս առանձին երկիր, այնպէս ալ որպէս տարածաշրջանային շուկաներ մուտք գործելու հարթակ՝ նշելով, որ ԵԱՏՄ անդամ ըլլալով, Հայաստանը կ’օգտուի նաեւ Եւրոմիութեան GSP+ արտօնեալ ռեժիմէն, իսկ հարեւան Իրանի հետ սահմանին կը ստեղծուի Մեղրի ազատ տնտեսական գօտին, որ գործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ կրնայ ստեղծել: Զրուցակիցները անդրադարձած են փոխգործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւններուն:

«Մեծ եռեակ»-ին մէջ, բացի «Պի Սի Ճի»-էն, ընդգրկուած են նաեւ McKinsey եւ Bain & Company ընկերութիւնները: Ներկայիս «Պի Սի Ճի» ընկերութիւնը գրասենեակներ ունի 50 երկրի մէջ:

ՎԵՕՆ (VEON) ընկերութիւններու խումբի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ժան Իւ Շարլիէի եւ արտաքին կապերու ղեկավար Մարք Մաքկանի հետ հանդիպման Կարէն Կարապետեանը նշած է, որ Հայաստանը կը գնահատէ ՎԵՕՆ-ի հետ հաստատուած համագործակցութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ ընկերութիւնը կ’ընդլայնէ իր գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կ’աւելցնէ ներդրումներու ծաւալը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող Թուային օրակարգին՝ ընդգծելով անոր կարեւորութիւնը երկրի տնտեսութեան զարգացման համար:

ՎԵՕՆ-ի ներկայացուցիչները նշած են, որ բաւարարուած են 2017 թուականի արդիւնքներով, եւ իրենց ծրագիրները Հայաստանի մէջ շարունակական պիտի ըլլան: «Մենք լաւատեսութեամբ կը նայինք Հայաստանին ու տարածաշրջանին եւ կը կարծենք, որ այն աւելի գրաւիչ կը դառնայ օտարերկրեայ ներդրողներու համար», – նշած է Ժան Իւ Շարլիէն՝ տեղեկացնելով, որ մօտ ժամանակներս կրկին պիտի այցելէ Հայաստան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment