Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիեմ»-ը Արժանացած է Դասական Երաժշտութեան Միջազգային Մրցանակին

Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիեմ»-ը Արժանացած է Դասական Երաժշտութեան Միջազգային Մրցանակին

by MassisPost

Տիգրան Մանսուրեանի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած «Ռեքուիեմ» ստեղծագործութիւնը արժանացած է Դասական երաժշտութեան միջազգային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակին «Ժամանակակից երաժշտութիւն» դասակարգին մէջ:

Մրցոյթը տեղի ունեցած է յունուար 18-էն 20 Լիւքսամպուրկի մէջ: Այս իրադարձութեան հետ կապուած Տիգրան Մանսուրեան ըսած է, որ խորապէս յուզուած է մրցոյթի կազմակերպիչներու` իր երկի նկատմամբ ցուցաբերած վերաբերմունքէն եւ՝ շնորհակալ:

«Ռեքուիեմ»-ը ներկայացուած է նաեւ 28 յունուարին կայանալիք «Կրեմմի» 60-րդ յոբելեանական մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն երգչախմբային ներկայացում» եւ «Լաւագոյն ժամանակակից դասական ստեղծագործութիւն» անուանակարգերուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment