Այսօր` Յունուարի 20-ին, 55 տարեկան հասակին Լիոնի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հասարակական, քաղաքական գործիչ, Արցախեան ազատամարտի մասնակից Սարգիս Հացպանեանը ։
Հացպանեան վերջին ամիսներուն փոխադրուած էր Ֆրանսայի Լիոն քաղաք համապատասխան դարմանումներ ստանալու նպատակով: Իր մօտ յայտնուած բաւական ծանր եւ յառաջացած հիւանդութեան դէմ պայքար մղելէ եւ բժիշկներու անմիջական խնամքին տակ ըլլալէ ետք ան այսօր յետմիջօրէին փակած է իր աչքերը:
Սարգիս Հացպանեանը Ծնած էր Թուրքիոյ Ալեքսանդրիդ քաղաքը, 1980-ական թուականներուն Թուրքիայի զինուորական յեղաշրջման հետևանքով մեկնած է Եւրոպա, ստացած է Ֆրանսայի քաղաքացիութիւն։ Աւարտած է Սորպոնի համալսարանի ռեժիսուրայի բաժինը։ 1990 թուականէն սկսեալ բնակութիւն հաստատած է Հայաստան։
Նշենք, որ Սարգիս Հացպանեանը 2008 թուականի փետրուարեան իրադարձութիւներէն յետոյ կալանաւորած էր: