Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Human Rights Watch: «Հայաստանի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Լուրջ Բացթողումներ Կան»

Human Rights Watch: «Հայաստանի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Լուրջ Բացթողումներ Կան»

by MassisPost

2017 թուականին Հայաստանի կառավարութիւնը կարեւոր քայլեր կատարած է կեանքին սպառնացող հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց տառապանքը մեղմելու ուղղութեամբ, երկրի խորհրդարանն ալ ընդունած է ընտանեկան բռնութիւնները կանխարգելող օրէնք: Սակայն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ լուրջ բացթողումներ կան: Այս մասին նշուած է Human Rights Watch-ի երէկ հրապարակած տարեկան զեկոյցին մէջ:

Այն նաեւ արձանագրած է, որ իշխանութիւնները պատասխանատուութեան չեն ենթարկած 2016 թուականի Յուլիսին ցուցարարներու եւ լրագրողներու դէմ անհամաչափ ուժ կիրառած իրաւապահներուն․ որոշ ոստիկաններ ենթարկուած են կարգապահական տոյժի, բայց անոնցմէ ոչ մէկուն քրէական մեղադրանք չէ առաջադրուած, հակառակ կիրառուած ուժի ծանրութեան: Միեւնոյն ժամանակ՝ իշխանութիւնները քրէական պատասխանատուութեան ենթարկած են ցոյցերու մասնակիցներուն ու առաջնորդներուն, առնուազն 22 մարդու մեղադրելով զանգուածային անկարգութիւններ հրահրելու, բռնութիւններու ու լրագրողներու աշխատանքը խոչընդոտելու մէջ, արձանագրած է HRW-ը:

Զեկոյցը արձանագրած է նաեւ, որ ձախողած է երկրի ընտրական համակարգի նկատմամբ հանրութեան վստահութեան բարելաւումը:

Ընտանեկան բռնութիւնը լուրջ խնդիր համարելով, զեկոյցը յիշեցուցած է, որ Հայաստանի տեղական իրաւապաշտպան խումբերը յայտնած են 2017-ին ընտանիքի անդամներու կամ ընկերներու կողմէ գործադրուած բռնութիւններու հետեւանքով 4 կնոջ մահուան մասին:

HRW-ը մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ շարք մը այլ խնդիրներ ալ արձանագրած է: Մասնաւորապէս, ըստ զեկոյցի՝ հաշմանդամութիւն ունեցող եւ աղքատ հազարաւոր երեխաներ դժուարութիւններու կը հանդիպին իրենց կացարաններու գերբեռնուածութեան պատճառով, նաեւ չեն կրնար անհրաժեշտ կրթութիւն ստանալ: Զեկոյցը արձանագրած է նաեւ սեռական կողմնորոշման եւ սեռական ինքնութեան հետ կապուած բռնութեան փաստեր:

Human Rights Watch-ի 643 էջանի զեկոյցին մէջ դիտարկուած է աշխարհի աւելի քան 90 երկիրներու մէջ առկայ իրավիճակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment