Home ՄԱՐԶԱԿԱՆ Մխիթարեանը Կրնայ «Արսէնալ»-ի Ամենաբարձր Վարձատրուող ֆութպոլիստը Դառնալ

Մխիթարեանը Կրնայ «Արսէնալ»-ի Ամենաբարձր Վարձատրուող ֆութպոլիստը Դառնալ

by MassisPost

Հենրիխ Մխիթարեանը կը պահանջէ բարձրացնել, գրեթէ կրկնապատկել աշխատավարձը՝ «Մանչեսթր Եունայթըտ»էն «Արսէնալ» տեղափոխուելու համար՝ պնդած են բրիտանական լրատուամիջոցները: Ըստ այդ հաղորդումներուն, հայաստանցի կիսապաշտպանը, որ «Եունայթըտ»ի մէջ այժմ շաբաթական մօտ 150,000 ֆունտ կը ստանայ, պայման դրած է, որ Լոնտոն կ’երթայ, եթէ իրեն վճարեն ճիշդ այնքան, որքան «Արսէնալ»ը առաջարկած է չիլիցի Ալեքսիս Սանչէսին՝ շաբաթական 300,000 ֆունտ:

«Եթէ այս գործարքը կայանայ, Մխիթարեանը կը դառնայ «Փրեմիեր լիկ»- ի ամենաբարձր վարձատրուող ֆութպոլիստը, հակառակ անոր, որ դժուարութիւններ ունի մարզավիճակի հետ՝ խաղաշրջանի մեկնարկէն ի վեր եւ կը կորսնցնէ իր տեղը Մոուրինոյի կողքին», – գրած է բրիտանական «Մեթրօ» պարբերականը:

«Ֆութպոլիստի գործակալ Մինօ Ռայոլան, սակայն, վստահ է, որ Մխիթարեանը արժանի է նման վարձատրութեան», – թեման շարունակած է բրիտանական «Միրրըր»ը՝ մէջբերելով վերջինիս խօսքերը. – «Սա փայլուն առաջարկ է Արսէնալի համար, անոնք երիտասարդ խաղցողներու կարիք ունին եւ պէտք է այս ուղղութեամբ ներդրումներ ընեն»։

«Մանչեսթր»ն ու «Արսէնալը» առայժմ պաշտօնապէս չեն հաստատեր, բայց եւ չեն հերքեր այս տեղեկութիւնները: Բրիտանական մամուլը, սակայն, կը հաղորդէ, որ Ռայոլան յունուարի սկիզբը մեկնած է Լոնտոն՝ Մխիթարեանի հնարաւոր տեղափոխութեան պայմանները քննարկելու համար:

Յայտնի ֆութպոլային գործակալը, որ Մխիթարյանէն բացի կը ներկայացնէ շարք մը այլ աստղեր, այդ շարքին՝ Պոկպային, Լուքակուին ու Իպրահիմովիչին, նախօրէին որոշ մանրամասներ բացայայտած է «Թայմի» հետ զրոյցի ժամանակ: – «Ամէն ինչ հիմա կախուած է Մխիթարեանէն, որոշողը ան է, եւ ան պիտի ընտրէ իրեն համար լաւագոյն տարբերակը», – ըսած է Ռայոլան, ընդգծելով, որ՝ Սանչեսի հնարաւոր տեղափոխութիւնը կախուած է Մխիթարեանէն, եւ ոչ թէ հակառակը: – «Եթէ Հենրիխը համաձայնութիւն չտայ, Սանչեսը չի կրնար «Մանչեսթր»ին միանալ»:

Ինքը՝ 28-ամեայ Մխիթարեանը, առայժմ որեւէ բառ չէ ըսած իր յառաջիկայ ծրագիրներու ու նախասիրութիւններու մասին, սակայն, փաստ է, որ մօտ 10 տարի առաջ՝ ՈւԵՖԱ-ի պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ, ան բացայայտ ըսած էր, թէ կ’երազէ «Արսէնալ»ի հետ խաղալ:

«Իմ նախասիրած խումբը «Արսէնալ»ն է, ես կը հաւնիմ անոնց յարձակողական խաղն ու արագ ոճը, բացի այդ, խումբի մարզիչը՝ Արսէն Վենկըրը, կը հաւատայ երիտասարդ ֆութպոլիստներուն՝ միաժամանակ անոնցմէ պահանջելով արդիւնք ապահովել: Ինծի այս մօտեցումը կը գրաւէ, եւ ես կ’ուզէի երբեւէ Արսէնալի մէջ յայտնուիլ», – դեռ 2009-ին աըսած  էր Մխիթարեանը:

Մարզական մեկնաբաններէն շատերը համոզուած են, որ այսօր ալ ան ամենայն հաւանականութեամբ, կ’ընդունի «Արսէնալ»ի առաջարկը:

«Մի մոռնաք՝ Մխիթարեանը իսկապէս բացառիկ էր խաղաշրջանի սկիզբը, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով վերջին ամիսներուն լաւագոյններու ցանկին մէջ չէ», – ըսած է «Եունայթըտ»ի յայտնի աստղերէն մէկը՝ նախկին յարձակող Տուայթ Եորքը, ընդգծելով, որ Մխիթարեանը «Արսէնալ»ի խաղաոճի ֆութպոլիստ է, եւ նոր սկիզբը «Արսէնալ»ի մէջ կրնայ  վճռորոշ ըլլալ անոր յետագայ առաջընթացին համար»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment