Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Ստորագրած է Եւրոպայի Խորհուրդի Ընտանեկան Բռնութեան Դէմ Պայքարի Համաձայնագիրը

Հայաստան Ստորագրած է Եւրոպայի Խորհուրդի Ընտանեկան Բռնութեան Դէմ Պայքարի Համաձայնագիրը

by MassisPost

Երէկ Եւրոպայի խորհուրդէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Պարոյր Յովհաննիսեանը, ԵԽ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Կապրիէլլա Պաթանի Տրակոնիի ներկայութեամբ, Սթրասպուրկի մէջ ստորագրած է Եւրոպայի խորհուրդի  «Կանանց նկատմամբ բռնութեան եւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգելման եւ անոր դէմ պայքարի մասին համաձայնագիրը», որ յայտնի է նաեւ որպէս Պոլսոյ համաձայնութիւն:

Այսպիսով, Հայաստանը դարձած է ԵԽ անդամ 45-րդ երկիրը, որ ստորագրած է Համաձայնագիրը։ ԵԽ 47 անդամ երկրներէն միայն Ատրպէյճանն ու Ռուսաստանը չեն ստորագրած այս Համաձայնութիւնը։

Եւրոպական չափանիշներուն համապատասխան տեղական օրէնսդրութեան կիրառման համար Հայաստանի մէջ որպէս իրաւաբաններուն աջակցութիւն ԵԽ-ն 2017-ի Դեկտեմբերին մեկնարկած է կանանց նկատմամբ բռնութեան դէմ պայքարի մասնագէտներ վերապատրաստելու դասընթաց։ Դասընթացը մեկնարկած է ՀՀ Ազգային ժողովի կողմէ ընտանեկան բռնութեան դէմ պայքարի առաջին օրէնքի ընդունումէն մէկ օր անց։

ԵԽ-ի Ընտանեկան Բռնութեան Դէմ Պայքարի Համաձայնագիրը ուղղուած է պայքարելու ու կանխելու կանանց նկատմամբ բոլոր տեսակի բռնութիւնները։ Այն պետութիւններուն կը պարտաւորեցնէ կանխել, քրէականացնել ու վերացնել կանանց նկատմամբ եւ ընտանեկան բռնութիւնները։ Համաձայնութիւնը նաեւ կը սահմանէ յատուկ հսկողութեան մեխանիզմ (GREVIO)՝ պետութիւններու կողմէն համաձայնութեան դրոյթներու արդիւնաւէտ իրականացումը ապահովելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment