Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Գաղութային Հանդիպում Ի Պատիւ “Grammy” Մրցանակի Թեկնածուներ Տիգրան Մանսուրեանի եւ Կոստանդին Օրբելեանի

Գաղութային Հանդիպում Ի Պատիւ “Grammy” Մրցանակի Թեկնածուներ Տիգրան Մանսուրեանի եւ Կոստանդին Օրբելեանի

by MassisPost

Ամերիկայի եւ բովանդակ աշխարհի երաժշտասէր հասարակութեան ծանօթ է Լոս Անճելոսի Ձայնագրութեան Ակադեմիայի տարեկան “Grammy” մրցանակաբաշխումը, որ տեղի պիտի ունենայ այս տարի, Յունուարի 28ին, Նիւ Եորքի Madison Sqaure Garden հանդիսասրահին մէջ:

Արդարեւ “Grammys”-ի 60-ամեակն ըլլալով այդ միջոցառումը պիտի նշուի արտակարգ շուքով: Յիշեալ մրցանակաբաշխութեան համար ներկայացուած են նաեւ երկու հայ ականաւոր երաժիշտներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Ժողովրդային արուեստագէտ երգահան Տիգրան Մանսուրեան եւ Ռուսաստանի պատուաւոոր արուեստագէտ ու Երեւանի օփերայի եւ պալէի թատրոնի տնօրէն Կոնստանդին Օրբելեան:

Այս առթիւ ի պատիւ վերոյիշեալ երկու արուեստագէտներուն, անցեալ Շաբաթ, Յունուար 13, 2018, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, Սթիւտիօ Սիթիի Bistro Garden ճաշարանին մէջ: Սոյն պատուասիրութեան հովանաւորներն էին բժիշկներ Նազարէթ եւ Անի Տարագճեան, Տիկ. Ալիս Նաւասարկեան եւ Տէր եւ Տիկ. Ճօ եւ Ճոյս Սթէյն:

Ներկայ արուեստասէր հասարակութեան մէջ կը նշմարուէին Հայաստանի աւագ հիւպատոս Տիար Վալերի Մկրտումեան, ինչպէս նաեւ գաղութի մշակութային, կրօնական, կրթական, բարեսիրական ու տեղեկատուական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

U.C.L.A.ի Հայագիտական ամպիոնի վարիչ եւ օրուան հանդիսավար` Փիթըր Քաուի, սրտագին ջերմ խօսքերով ողջունեց ներկաները, որոնք եկած էին մասնակցելու տաղանդաւոր արուեստագէտներու նուիրուած միջոցառումին:

Սեղաններու օրհնութենէն ետք երաժշտագէտ եւ երգահան Արտաշէս Գարթալեան դաշնամուրի վրայ նուագեց իր սրտեղածգործութիւններէն:

Ճաշի սպասարկութենէն ետք Փիթըր Քաուին խօսք առնելով ըսաւ թէ իրեն համար առանձնա-յատուկ պատիւ կը համարէ ելոյթ ունենալ բազմավաստակ հայ արուեստագէտներու մասին, որոնք մեծ եւ օգտաշատ ներդրում ունին եւ հանրաճանաչ անուն դարձած են մեր երկրի սահմաններէն ալ անդին: Արդարեւ մեծ է վաստակը եւ միջազգային երաժշտական բեմահարթակին վրայ իր ուրոյն տեղն ունի տաղանդաւոր երաժշտա-գէտ եւ երգահան Տիգրան Մանսուրեան: Ուրիշ հանրածանօթ արուեստագէտ մըն ալ Կոնստանդին Օրբելեանն է, որուն դաշնակահարի եւ խմբավարական շնորհներն ու արդիւնաւէտ աշխատանքները մօտէն ծանօթ են թէ ռուսական եւ թէ ամերիկեան երաժշտասէր շրջանակները:

Այնուհետեւ շահեկան հարցազրոյցով բեմին վրայ իրենց տեղերը գրաւեցին Կոնստանդին Օրբելեան (կրտսեր) եւ «Ասպարէզՙ օրաթերթի անգլերէն բաժնի խմբագիր Արա Խաչատուրեան: Այստեղ առանձնապէս շեշտուեցան բարեմասնութիւններն ու երաժշտական աշխարհի մէջ իրենց ունեցած բարձրարժէք ներդրումները թէ Տիգրան Մանսուրեանի եւ թէ Կոնստանդին Օրբելեանի:

Տիգրան Մանսուրեանի տասնեակ մը երաժշտական ստեղծագործութիւններէն “Grammys” մրցանակի համար թեկնածու առաջադրուած է վերջին տարիներուն իր յօրինած “Requiem” (Հոգեհանգիստ) ծաւալուն յօրինումը: Այս մէկն առաջադրուած է զոյգ կարգաւորումներով (category) թէ երգչախմբային լաւագոյն կատարում եւ թէ դասական յօրինում:

Կոնստանդին Օրբելեան (կրտսեր) եղբօր որդին է Խորհրդային Միութեան Էսթրատային Երաժշտութեան տիտաններէն համանուն Կոնստանդին Օրբելեանի: Ծնած է Սան Ֆրանսիսքօ, Ռուսահայ գաղթականի այս զաւակը 11 տարեկանին սկսած է դաշնամուր նուագել եւ ապա մաս կազմած է Սան Ֆրանսիսքոյի սիմֆոնիկ նուագախումբին: Վերջերս պատրաստած է ֆիլմ մը Ռուսիոյ եւ ԱՄՆի համագործակցութեամբ “The Glory of Russia, Sights and Sound of St. Petersburg”: Ունի այլ ֆիլմեր եւս:

Կոնստանդին Օրբելեան քսան տարի մեծ համբաւ վայելած է որպէս տաղանդաւոր դաշնակահար: Սակայն, ներկայիս աւեի հանրածանօթ է որպէս անուանի խմբավար բազմաթիւ սիմֆոնիկ նուագախումբերու: Եղած է նաեւ գեղարուեստական տնօրէն կարգ մը երաժշտական հաստատութիւններու: Իր գլխաւորութեամբ համերգային շրջապտոյտներ կազմակերպած է աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքաներուն մէջ: Մասնակցած է Սոչիի Ողիմպիական Խաղերու բացման համերգին եւ ՄԱԿի հիմնադրութեան 50-ամեակի երաժշտական միջոցառումներուն:

Մեզի համար ուրախանալի երեւոյթ մըն է իմանալ որ մեծահամբաւ Կոնստանդին Օրբելեանն արժանացած է նախագահ Բութինի կողմէ տրուած «Ռուսիոյ Պատուաւոր Արոեստագէտՙ մետալին եւ Ամերիկեան «Էլիս Այլընտՙ պատուոյ շքանշանին:

Հաճոյքով իմացանք նաեւ որ ԿոնստանդինՕրբելեան նշանակուած է թէ ընդհանուր տնօրէն եւ թէ գեղարուեստական տնօրէն Հայաստանի օփերայի եւ պալէտի ազգային թատրոնին: Արդարեւ, ինք լայն բացատրութիւններ տուաւ իր այս պաշտօնն մէջ յղացած նոր բարեկարգչական ծրագիրներուն մասին, արդիականացնելու մեր օփերան, որուն 85-ամեակն է այս տարի: Նորանոր յաջողութիւններ սիրուած արուեստագէտներուն:

Գ. ՄՈԼՈՅԵԱՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment