Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Խորհրդարանը Ընդունեց Եզիտիներու Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Յայտարարութիւնը

Հայաստանի Խորհրդարանը Ընդունեց Եզիտիներու Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային ժողովը Երեքշաբթի օր առաջին ընթերցմամբ միաձայն ընդունած է «Ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող Իրաքի Հանրապետութեան տարածքներու մէջ եզիտի ժողովուրդի նկատմամբ 2014-ին իրականացուած ցեղասպանութեան դատապարտման մասին» նախագիծը:

Նախագիծը դրուած է քուէարկութեան եւ ընդունուած է 91 կողմ եւ 1 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ:

Նախագիծի յայտարարութեան հեղինակներուն` ազգութեամբ եզիտի պատգամաւոր Ռուստամ Մախմուդեանին, Վահրամ Բաղդասարեանին եւ Արմէն Ռուստամեանին միացած են նաեւ խմբակցութիւնները` «Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւն» խմբակցութիւնը, «Ծառուկեան» խմբակցութիւնը, «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը,«Ելք» խմբակցութիւնը:

Նախքան քուէարկութիւնը Հանրապետական Սամուէլ Ֆարմանեան նշած է, որ ըրած է առաջարկներ, որոնք, կարծես թէ, չեն ընդունուած հեղինակներուն կողմէ. «Ոչ մէկ ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի մէջ ճանաչում բառը չ՛օգտագործուիր, մենք շատ երկիրներ կը մեղադրենք ընտրովի վերաբերմունքի համար, մենք ալ նոյնը չընենք ու ամբողջութեամբ դատապարտենք»,-կոչ ըրած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment