Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Ընդգրկուած է ՄԱԿ-ի Պատուոյ Ցանկին Վրայ

Հայաստանը Ընդգրկուած է ՄԱԿ-ի Պատուոյ Ցանկին Վրայ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներառուած է ՄԱԿ-ի 2018-ի պատուոյ ցանկին մէջ (Honour roll)` կազմակերպութեան կանոնաւոր պիւտճէին ժամանակին եւ ամբողջութեամբ կատարած իր անդամավճարներուն համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն նշած են, որ 2018-ի Յունուարին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ՄԱԿ-ի կանոնաւոր ամավարկին փոխանցուած է 145 843 $` որպէս ՄԱԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան 2018-ի տարեկան անդամավճար:

Պատուոյ ցանկին մէջ կ՛ընդգրկուին այն անդամ երկիրները, որոնք ընթացիկ տարուան առաջին 30 աշխատանքային օրուան ընթացքին ՄԱԿ-ի կանոնաւոր պիւտճէին ամբողջութեամբ կը վճարեն իրենց անդամակցութեան ֆինանսական պարտաւորութիւնները:

10 Յունուար 2018-ի դրութեամբ պատուոյ ցանկին մէջ ներառուած է ՄԱԿ-ի 193 անդամ երկիրներէն 7-ը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment