Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեան «Հայաստանի 4-րդ Նախագահը Պէտք է Ընտրուի Խորհրդարանի Մեծամասնութեան Կողմէ»

Սերժ Սարգսեան «Հայաստանի 4-րդ Նախագահը Պէտք է Ընտրուի Խորհրդարանի Մեծամասնութեան Կողմէ»

by MassisPost

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը երէկ ցանկութիւն յայտնած է, որպէսզի հանրապետութեան 4-րդ նախագահը ընտրուի խորհրդարանի ընդարձակ մեծամասնութեամբ: Այդ մասին ան խօսած է նախագահի նստավայրին մէջ` Ազգային ժողովի խորհուրդի հետ հանդիպման ժամանակ` յոյս յայտնելով, թէ այս ընտրութիւններուն Ազգային ժողովի բոլոր պատգամաւորները կը մօտենան պատասխանատուութեամբ:

«Մինչեւ այս տարուայ Մարտի 9-ը Ազգային ժողովը պէտք է ընտրի Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահին: Յոյսով եմ, որ նոր սահմանադրական ընթացակարգով նախատեսուած այս ընտրութիւններին Ազգային ժողովի բոլոր պատգամաւորները կը մօտենան ամենայն պատասխանատուութեամբ: Եւ ի հարկէ, ցանկալի է, որ Հանրապետութեան նախագահը ընտրուի խորհրդարանական ընդարձակ համաձայնութեան պայմաններում», – ըսած է Սերժ Սարգսեանը։

Փոփոխուած Սահմանադրութեամբ,  այս տարուան Ապրիլէն երկրի առաջին պաշտօնեան ոչ թէ նախագահը պիտի ըլլայ, այլ վարչապետը: Նախագահ պիտի ընտրէ Ազգային ժողովը՝ եօթ տարի ժամկէտով: Նախագահ պիտի դառնայ այն թեկնածուն, որ կը յաջողի ստանալ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու երեք քառորդը՝ այսինքն 105 պատգամաւորէն առնուազն 79-ի ձայնը։ Եթէ Հանրապետութեան նախագահ չընտրուի, պիտի իրականացուի ընտրութեան երկրորդ, նոյնիսկ՝ երրորդ փուլ։

Թէ ո՞վ պիտի ըլլայ նախագահի Հանրապետականի թեկնածուն, եւ կամ արդեօ՞ք խորհրդարանական միւս ամենամեծ ընդդիմադիր «Ծառուկեան» խմբակցութիւնը պիտի սատարէ այդ թեկնածուին, պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ ոչինչ նշուած է:

Նկատենք, որ Ազգային ժողովի խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած են Ազգային ժողովի նախագահը, փոխնախագահները, խմբակցութեան ղեկավարներն ու յանձնաժողովներու նախագահները։

Ի դէպ, նախագահի նստավայրին մէջ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման մասնակցած է ընդդիմադիր «Ծառուկեան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը, թէեւ ան, ըստ Ազգային ժողովի կայքէջի, խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած չէ։  Մինչդեռ միւս ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը  է  պոյքոթած է  հանդիպումը, աւելին, ան յորդորած էր Ազգային ժողովի նախագահին եւ խորհուրդի միւս անդամներուն՝ չերթալ նախագահական նստավայր՝ ընդգծելով, թէ Ազգային ժողովի խորհուրդը իր մօտ կանչելով Սերժ Սարգսեանը կը վիրաւորէ երկրի բարձրագոյն օրէնսդիր մարմնին:

Հայաստանի 4-րդ նախագահը խորհրդարանի մեծամասնութեամբ ընտրելու ցանկութենէն բացի Սերժ Սարգսեանը խօսած է նաեւ մինչեւ այս տարուայ Մարտի 9-ը Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամներ ընտրելու մասին՝ շեշտելով, թէ «Այս մարմինը վճռորոշ նշանակութիւն է ունենալու մեր երկրի ապագայի համար»։

Նախագահը նաեւ խօսած է Ապրիլ 9-էն ետք Ազգային ժողովի կողմէ վարչապետի ընտրութեան մասին. – «Անշուշտ, Ապրիլի 9-ից յետոյ Ազգային ժողովը պէտք է ընտրի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին»։ Թէ արդեօ՞ք Ապրիլ 9-էն ետք նախագահի լիազօրութիւնները վար դնող Սերժ Սարգսեանը կ’ուզէ երկրի կառավարման լծակները իր ձեռքի մէջ կեդրոնացնող վարչապետին նոյնպէս խորհրդարանը ընտրէ՝ ձայներու մեծամասնութեամբ, պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ այդ մասին չի նշուիր:

Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ խօսած է ԱԺ 6-րդ գումարման ընթացքին խորհրդարանի կողմէ իրականացուած աշխատանքի մասին` միաժամանակ ընդգծելով, որ պէտք չէ բաւարարուիլ կատարուածով, այլ անհրաժեշտ է պահպանել աշխատանքի ընթացքը, որպէսզի առկայ բոլոր խնդիրներուն ճիշդ ժամանակին անհրաժեշտ օրէնսդրական լուծումներ տրուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment