Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանը հրապարակած է Ալեքսանտր Արզումանեանն ընդդէմ Հայաստանի գործով դատավճիռը եւ պարտաւորեցուցած է Հայաստանին 2500 եւրօ փոխհատուցում վճարել Արզումանեանին: Այս մասին նշուած է ՄԻԵԴ-ի կայքին մէջ:
Ալեքսանտր Արզումանեանը բողոքարկած է իրեն կալանքի տակ պահելու հանգամանքը։
Յիշեցնենք, որ Ալեքսանտր Արզումանեանը ձերբակալուած էր 2007 թուականի մայիսին եւ կալանաւորուած ապօրինի եկամուտներու օրինականացման կասկածանքով։
Անոր կալանքը անընդհատ երկարաձգուած է մինչեւ սեպտեմբեր 2007, որմէ ետք խափանման միջոցը փոխուած է հանրապետութենէն չբացայակելու ստորագրութեամբ։
Ալեքսանտր Արզումանեանը կը համարէ, որ խախտուած են Ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան, ողջամիտ ժամկէտի մէջ դատական քննութեան իրաւունքները։
Տեղեկացնենք, որ Արզումանեանը այժմ Դանիայի մէջ Հայաստանի դեսպանն է: