Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Հայաստանը Անվտանգ կը Համարէ Ամերիկացիներու Ճանապարհորդութիւններու Համար

ԱՄՆ Հայաստանը Անվտանգ կը Համարէ Ամերիկացիներու Ճանապարհորդութիւններու Համար

by MassisPost

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ներկայացուցած է իր քաղաքացիներուն ճանապարհորդութիւններու անվտանգութեան մասին իրազեկելու նոր համակարգը, որու ծիրէն ներս բոլոր երկիրները բաժանուած են 4 կարգի:

Հայաստանը յայտնուած է երկիրներու առաջին կարգին մէջ` Normal Precautions, այսինքն` ճանապարհորդելու ընթացքին անհրաժեշտ է հետեւիլ զգուշութեան սովորական միջոցներու: Այս կարգի վերաբերեալ գերատեսչութեան պարզաբանման մէջ նշուած է. «Սա անվտանգութեան վտանգի համար ամենացած խորհրդատուական մակարդակն է: Որեւէ միջազգային ճանապարհորդութիւն որոշ վտանգ կը պարունակէ: Միւս երկիրներու պայմանները կրնան տարբերիլ Միացեալ Նահանգներու պայմաններէն եւ որեւէ ատեն փոփոխուիլ»:

Վրաստանը նոյնպէս առաջին կարգի մէջ է: Իսկ Ատրպէյճանը մտած է  երկրորդ կարգի մէջ` Increased Caution, այսինքն` ճամբորդելու ատեն անհրաժեշտ է անվտանգութեան միջոցներուն հետեւիլ: Կը նշուի, որ սա կապուած է երկրին մէջ ահաբեկչութեան սպառնալիքի հետ: «Ահաբեկչական խումբերը կը շարունակեն Ատրպէյճանի մէջ հնարաւոր ահաբեկչութիւններ ծրագրել: Ահաբեկիչները կրնան յարձակիլ զբօսաշրջային վայրերու, փոխադրամիջոցներու հանգոյցներու, շուկաներու/առեւտուրի կեդրոններու, տեղական ինքնակառավարման կառոյցներու, այգիներու, խոշոր մարզական եւ մշակութային ձեռնարկներու, ուսումնական հաստատութիւններու, օդակայաններու եւ հասարակական այլ վայրերու վրայ»:

Ռուսիան ու Թուրքիան կը մտնեն երրորդ կարգի մէջ` Reconsider Travel, այսինքն` «ճամբորդելէն առաջ մէկ անգամ եւս մտածեցէք»: Սա անվտանգութեան «լուրջ» սպառնալիք կը նշանակէ:

Թուրքիոյ մասին նաեւ կը նշուի, որ բացի ահաբեկչութեան սպառնալիքէ, կան նաեւ «կամայական ձերբակալութիւններ»ու վտանգը: «գործող արտակարգ իրավիճակի համաձայն` անվտանգութեան ուժերը ենթադրեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն պատկանելու համար կասկածուողներուն կը ձերբակալեն սուղ կամ գաղտնի ապացոյցներու եւ հիմնաւորումներու հիման վրայ, որոնք քաղաքականապէս պատճառաբանուած կը թուին: ԱՄՆ քաղաքացիներուն համար նաեւ ուղեւորութիւններու արգելք կիրառուած է, որ անոնց թոյլ չէ տուած Թուրքիայէն հեռանալ: Ժողովներուն, բողոքներուն եւ ցոյցերուն մասնակցութիւնը, որոնց Թուրքիոյ կառավարութիւնը ակնյայտօրէն հաւանութիւն չի տար, կրնան կալանաւորման յանգեցնել: Թուրքիոյ կառավարութիւնը ձերբակալած եւ արտաքսած է ԱՄՆ քաղաքացիներ, որոնց իրենց փաստաբանին կամ ընտանիքի անդամներուն հասանելիութեան թոյլտուութիւն չէ տրամադրուած, իսկ ձերբակալուած ԱՄՆ քաղաքացիներուն, որոնք նաեւ Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ունին, սովորաբար հիւպատոսական հասանելիութիւն չէ տրամադրուած։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment