Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ըստ Հայաստանեան Մամուլի Կրնայ Վտանգուիլ Սերժ Սարգսեանի Վարչապետ Դառնալը

Ըստ Հայաստանեան Մամուլի Կրնայ Վտանգուիլ Սերժ Սարգսեանի Վարչապետ Դառնալը

by MassisPost

Փետրուարէն սկսեալ կառավարման խորհրդարանական համակարգի անցնող Հայաստանի Ազգային ժողովը Ապրիլի 9-էն 16-ի միջեւ պէտք է ընտրէ  նոր վարչապետ:

Այս կապակցութեամբ «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթը կը յայտնէ որ, թէեւ շատ չնչին հաւանականութեամբ, բայց  վտանգուած է Սերժ Սարգսեանի վարչապետ դառնալու հեռանկարը: «Եթէ  ՀՀԿ-ի ներսը  իրար հասկնալու  խնդիր առաջանայ, ապա Սերժ Սարգսեանի  երկարամեայ ծրագիրը տապալած կը համարուի: Այս առիթով, թերեւս ան ԱԺ-ի ՀՀԿ-ականներուն լաւ աչքով նայելու առիթը պէտք չէ բաց ձգէ` հաշուի առնելով  վարչապետ Կարապետեանի այն յայտարարութիւնը, թէ ան պատրաստ է 2018-էն ետք ալ շարունակել  աշխատիլ որպէս վարչապետ: Միաժամանակ պարզ չէ, թէ Կարապետեանը  ցանկութիւն եւ հնարաւորութիւններ ունի՞ ՀՀԿ-ի ներսը կռիւ ձգելու, թէ՞ ոչ»,  հարց կու տայ  «Հայկական Ժամանակը»:

«ՀՀ Սահմանադրութեան 6-րդ գլուխի պահանջներուն համաձայն` ԱԺ  խմբակցութիւնները պէտք է ներկայացնեն վարչապետի իրենց թեկնածուները, որմէ  ետք Ազգային ժողովը պէտք է ընտրէ վարչապետ: Վարչապետ ընտրուելու համար անհրաժեշտ է խորհրդարանի պատգամաւորներու  ձայներու կէսէն աւելին: Եթէ այնպէս պատահի, որ որեւէ թեկնածու չյաջողի ստանալ ձայներու կէսէն աւելին, ապա առաջին ընտրութեան 7-րդ օրը լրանալէ  ետք, տեղի կ’ունենայ նոր ընտրութիւն` նոր թեկնածուներով: Այս պարագային վարչապետի թեկնածու կ’առաջադրեն պատգամաւորներու 1/3-ը: Այս փուլին ալ եթէ  վարչապետ չընտրուի, ապա Սահմանադրութեան 6-րդ գլուխի 149 յօդուածի 3-րդ մասի համաձայն, 7 օրուայ ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովը պէտք է լուծարուի: Ըսել է  թէ, սա քաղաքական ճգնաժամի հետեւանք կ’ըլլայ, ինչ կը նշանակէ, որ Հայաստանի խորհրդարանէն ներս քաղաքական ուժերու եւ յատկապէս մեծամասնութեան մօտ հակասութիւն կայ»:

ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուստամ Մախմուտեանը պատասխանելով «Հայկական ժամանակի» այն հարցին, թէ  որքանո՞վ հաւանական է, որ քաղաքական ուժերու եւ յատկապէս ՀՀԿ-ականներու ներքին տարաձայնութիւններու պատճառով Ազգային ժողովը լուծարուի, մեկնաբանած է.

«Չեմ կարծում, որ կարող է քաղաքական  ճգնաժամ առաջանալ այն  դէպքում, երբ մէկ քաղաքական թիմ ունի 58 պատգամաւոր եւ գումարած նաեւ 7 պատգամաւոր, որպէս  քաղաքական գործընկերներ: Սրանով հարցը կարգաւորւում է եւ չկայ ճգնաժամի իրատեսութիւն: Բացի այս էլ, դեռ չգիտենք միւս քաղաքական ուժերի դիրքորոշման մասին: Այն պարզ կը լինի թեկնածուների առաջադրումից յետոյ: Եթէ այլ համախոհներ էլ չլինեն, ապա 65 ձայնը յստակ է, իսկ այս քաղաքական  թիմի ներսում չկայ հակասութեան միտում, հետեւաբար ճգնաժամ չի կարող առաջանալ»,- «ՀԺ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Մախմուտեան:

Ծառուկեան խմբակցութեան պատգամաւոր, ԱԺ փոխնախագահ Միքայէլ Մելքումեան այս մասին մեկնաբանութիւններ ընելը կանուխ համարած է, թէեւ ան եւս շեշտած է ՀՀԿ-ի մեծամասնութիւն ըլլալը: «ԵԼՔ» խմբակցութիւնը եւս չի կարծեր, որ ՀՀԿ-ականներու միջեւ տարաձայնութիւններ կը սկսին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment