Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսահայ Համայնքը իր Անհանգստութիւնն Արտայայտած է Էրտողանի Այցին Կապակցութեամբ

Ֆրանսահայ Համայնքը իր Անհանգստութիւնն Արտայայտած է Էրտողանի Այցին Կապակցութեամբ

by MassisPost

Ֆրանսայի  հայկական կազմակերպութիւններու  համակարգող խորհուրդը երէկ Armenews կայքին մէջ հաղորդագրութիւն մը  հրապարակելով   յայտնած է   իր անհանգստութիւնը  Թուրքիոյ  նախագահ Ռեճէպ Թայէպ  Էրտողանի փարիզեան այցին  կապակցութեամբ։

Հաղորդագրութեան մէջ  մասնաւորապէս   նշուած է  նշւում է, որ ֆրանսահայերը նախագահ  Մաքրոնէն կ’ակնկալեն խիստ վերաբերմունք  Էրտողանի նկատմամբ, որպէսզի   վերջինս չքօղարկէ  1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան  ճանաչման հարցը, որուն  ժխտումը Թուրքիոյ  նախագահը դարձուցած  է իր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն   մին: Նշենք,  որ էրտողանի այցը բողոքներու   մեծ     ալիք  մը  բարձրացուցած է Ֆրանսայի  մէջ:

Երկրի   համայնավար կուսակցութիւնը յատուկ հաղորդագրութիւն տարածելով  Էրտողանը բռնապետ  համարելէ    բացի իր համերաշխութիւնը   յայտնած է թուրք   ընկերվարականներուն, եւ 6  յունուարին   փողոց դուրս գալու կոչ  ըրած է  նշելով՝ «Փարիզի  մէջ  հինգ տարի առաջ սպաննուած երեք քիւրտ  ընդդիմադիրներուն  հանդէպ ճշմարտութիւնը  վերականգնելու համար»։

Ըստ իրաւապահներուն  քիւրտ   երեք  կին  գործիչներու սպանութեան  հետ  կապ  ունեցած են  թուրքիոյ գաղտնի ծառայութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment