Հայ-թրքական արձանագրութիւնները վաւերացնելը տասը տարուան խնդիր է. Tert.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականի հայկական էջերու խմբագիր Բագրատ Էսթուքեանը:
Ան յիշատակած է տասը տարի առաջ հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութիւնը, երբ այն ատենուան ԱՄՆ պետքարտուղար Հիլարի Քլինթընը ճնշում գործադրեց ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանին վրայ շեշտելով նաեւ, որ այդ ճնշումը երեւելի էր լուսանկարներուն մէջ:
«Յիշում եմ Նալպանտեանի դէմքը. մինչ բոլորը ուրախ ժպտում էին, Նալպանտեանը կարծես ցաւակցութեան ծիսակատարութեան էր մասնակցում: Արդէն պարզ էր, որ այդ արձանագրութիւնները մեզ համար սխալ էին հենց այդ ժամանակից»,- ըսած է ան:
Բագրատ Էստուքեանի խօսքով՝ ի սկզբանէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը, որ արձանագրութիւնները առանց նախապայմաններու պէտք է ըլլան արդէն խախտուեցաւ:
«Թուրքիան նախապայմաններ միշտ էլ առաջ է բերել, սակայն Քլինթոնի ճնշման ներքոյ մասնակցում էր ստորագրութեան արարողութեանը, բայց դրա ստորագրումից անմիջապէս յետոյ դրժեց իր խոստումը և պայմաններ առաջարկեց: Մինչդեռ արդէն վաղուց այդ նախապայմանները պէտք է օրակարգից դուրս եկած լինէին»,- նկատեց Բագրատ Էստուքեանը:
Դիտարկմանը, թէ արդեօ՞ք միայն Ատրպէյճանին չնեղացնելու համար Թուրքիան չի ցանկար հայ-թրքական արձանագրութիւնները առանց նախապայմաններու վաւերացնել, պոլսահայ խմբագիրը պատասխանեց, որ Թուրքիան ունի իր պետական ռազմավարութիւնը, որմէ ալ էլ պարզ կը դառնայ, որ այդ երկիրը չի հանդուրժեր Հայաստան պետութեան գոյութիւնը:
«Դա տեսնելով՝ մենք չպէտք է ստիպուած լինենք բարեկամանալ Թուրքիայի հետ: Ի հարկէ, մենք ցանկանում ենք բարեկամանալ մեզ հարեւան երկրի հետ, բայց քանի որ Թուրքիան դրան պատրաստ չէ, մենք չպէտք է դա ցանկանանք: Հայաստանն աւելի կոշտ պէտք է լինի: Ընդ որում, եղած կապը մեզ լրիւ բաւարար է՝ շաբաթական երեք անգամ թռիչքներ կան Երևան-Ստամբուլ»,- ըսաւ ան:
Պատասխանելով նկատառմանը, որ Թուրքիոյ հետ փակ սահմանի արդիւնքով շրջափակման մէջ կը յայտնուինք ան նշեց, թէ Թուրքիան եւս հիմա շրջափակման մէջ է:
«Թուրքիան հիմա կռուի մէջ է աշխարհի բոլոր երկրների հետ, բոլոր երկրների հետ խնդիր ունի՝ ԱՄՆ-ի, Եւրամիութեան, իր հարեւան երկրների, Միջին Արեւելքի հետ խնդիրներ ունի: Հետևաբար` Թուրքիան աւելի վատ կացութեան մէջ է յայտնուել ներկայումս: Անշուշտ, եթէ Հայաստանի հետ սահմանները բաց լինեն, Հայաստանը տնտեսապէս աւելի լաւ վիճակում կը յայտնուի, բայց դրա հաշուին մենք չենք կարող մեր ազգային արժանապատւութիւնը զոհել: Սա ազգային արժանապատւութեան խնդիր է, քանի որ Թուրքիան կոշտ կեցուածք ունի Հայաստանի նկատմամբ, Հայաստանն էլ նոյն կեցուածքը պէտք է ընդունի Թուրքիայի նկատմամբ»,- նշեց Էսթուքեանը:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ եղած եւ փակուղի մտած յարաբերութիւնները, ըստ Բագրատ Էսթուքեանի իրենց ազդեցութիւնը կ’ունենան Թուրքիոյ հայ համայնքի վրայ:
«Թուրքիոյ հայերը շատ աւելի ուրախ կը լինէին, եթէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները զարգանային, բայց եթէ պէտք է դա լինի մեր ազգային արժանապատւութեան հաշուին, մեզ պէտք չէ»,- նշած է ան:
Ըստ Բագրատ Էսթուքեանի 2018-ին հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ լուրջ փոփոխութիւններ սպասել պէտք չէ: Սակայն անոր խօսքով, Թուրքիան հաւասարակշռութեան խնդիր ունեցող, անսպասելի բախումներով և հաշիւներով երկիր է ու անոր համար ալ դժուար է նաեւ կանխատեսելը, թէ ինչ կրնայ պատահիլ: