Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տարի Մըն Եւս Անցաւ Պատմութեան

Տարի Մըն Եւս Անցաւ Պատմութեան

by MassisPost

Մարդկութիւնը բոլորեց տարի մը եւս:

Անցնող տարին լի էր վերիվայրումներով ու ալեկոծումներով` հայրենական ու միջազգային առումներով:

Հայաստան բոլորեց յարաբերաբար խաղաղ տարի մը հակառակ անոր, որ պատերազմի վտանգը միշտ մնաց առկայ եւ թշնամին շարունակեց սահմանի վրայ իրավիճակը պահել լարուած, առօրեայ կրակոցներով` դէպի հայկական դիրքերն ու բնակավայրերը: Ազգային  բանակը միշտ  մնաց արթուն ու կարողացաւ զսպել Ատրպէյճանի ու անոր նախագահ Ալիեւի ախորժակները, ընթացքին տալով սակայն բազմաթիւ զոհեր:

Արտագաղթը շարունակեց  մնալ մեր հայրենիքի գլխաւոր տագնապն ու  մարտահրաւէրը, որու առաջքը առնելու գծով պէտք եղած լրջութիւնն ու հեռանկարային քաղաքականութեան մը մշակումը մնաց դերի  ու …..: Այս գծով չափազանց լաւատեսութիւն ցուցաբերելով նախագահ Սարգսեան խոստացաւ մինչեւ 2040 թուականը Հայաստանի բնակչութիւնը հասցնել չորս միլիոնի, առանց սակայն ներկայացնելու զայն հիմնաւորող ազդակներ: Այդ պատճառաւ ալ, այդ խոստումը շատերու կողմէ նկատուեցաւ անիրագործելի եւ ընդունուեցաւ մեծ թերահաւատութեամբ:

Փտախտը, կաշառակերութիւնը,  տնտեսական մենաշնորհներն ու չարաշահումները  խանգարեցին մեր երկրի բնականոն զարգացումը ու ժողովուրդի մէկ ստուար մասը շարունակեց մնալ աղքատութեան ճիրաններուն մէջ, մինչ փոքրաթիւ մարդիկ կուտակելով անսահման հարստութիւն մնացին երկրի տէրն ու տիրականը:

Ապրիլին տեղի ունեցան հինգ տարին մէկ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին ընտրակաշառքը դարձաւ գլխաւոր դերակատարը ու Հանրապետական կուսակցութիւնը  հռչակուեցաւ յաղթական, հակառակ որ, անոր 20-ամեայ  միահեծան իշխանութեան տարիները եղան ձախողութիւններու, հետընթացի ու կորսուած առիթներու երկար շղթայ մը:

Նոյեմբերին Հայաստանն ու Եւրոմիութիւնը ստորագրեցին Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիր մը, որ կը խոստանայ նոր հորիզոններ բանալ  հետագայ զարգացման համար, այն  պարագային երբ հայաստան լիուլի օգտագործէ ներկայացուած առիթը` գործադրութեան դնելով բարեկարգումներու պահանջները:

Հակառակ այս բոլորին սփիւռքահայութիւնը շարունակեց զօրակցիլ իր հայրենիքին` իրագործելով մարդասիրական ու տնտեսական  բազմաթիւ ծրագիրներ,  որոնք որոշ չափով օգտակար դարձան ժողովուրդի կենսամակարդակի բարելաւման: Անցեալ տարի եւս մեծ թիւով հայեր այցելեցին  իրենց հայրենիքը, նպաստելով զբօսաշրջութեան բնագաւառի զարգացման ու անոր յառաջդիմութեան:

Սեպտեմբերին  տեղի ունեցած Հայաստան-Սփիւռք  6-րդ համաժողովին աւելի քան 1500 պատուիրակներու մասնակցութիւնը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու որ սփիւռքահայութիւնը կառչած կը մնայ իր նախահայրերու երկրին ու հողին հակառակ իշխանութիւններուն հանդէպ իր ունեցած  վերապահումներուն:

Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն գծով  ուշագրաւ էր  հոլիվուտեան բարձրորակ մակարդակով պատրաստուած «Խոստումը»  պատմական ֆիլմի  պաստառ  բարձրանալը  եւ  բազմաթիւ վաւերագրական  այլ ֆիլմերու պատրաստութիւնն ու ցուցադրութիւնը ոչ հայ արուեստագէտներու կողմէ:

Միջազգային գետնի վրայ  Ամերիկան ունեցաւ նոր նախագահ: Յունուարին ստանձնելով իր պաշտօնը, Տոնալտ Թրամփ շատ չանցած արժանացաւ  «քաոս  նախագահ»-ի կոչումին, որ եկաւ տակնուվրայ ընելու  ներքին ու  արտաքին  ընդունուած սովորութիւններն ու կարգերը: Անոր օրով դիւանագիտութիւնն ու միջազգային յարաբերութիւնները  կորսնցուցին  իրենց  նախկին իմաստն ու ընկալումը, դառնալով  անձնական բնազդներով  առաջնորդուող ղեկավարի մը քմահաճոյքի պատանդը: Այս ընթացքին  Միացեալ  Նահանգներու նման հսկայ երկիրը ոչ միայն կորսնցուց իր միջազգային հեղինակութիւնն ու վարկը, այլ նաեւ դարձաւ մեծ ու փոքր այլ երկիրներու ու ժողովուրդներու ծիծաղի առարկան:

Այս առթիւ սակայն, անգամ մը եւս ի յայտ եկաւ Ամերիկեան Սահմանադրութեան զօրութիւնը, որու շնորհիւ դատական ու օրէնսդիր  մարմինները, ինչպէս նաեւ մամուլը  յաջողեցան բացայայտելու,  շրջելու ու զսպելու նախագահի հակաօրինական բազմաթիւ քայլերն ու  նախաձեռնութիւնները ու  նաեւ  դատական հետաքննութիւններու  ենթարկելու նախագահն ու իր անմիջական շրջանակը: Այս բոլորը եկան Թրամփը դարձնելու խնդրայարոյց եւ անընդունելի ղեկավար մը Ամերիկայի ժողովուրդի մեծամասնութեան կողմէ:

Միջին  Արեւելքը  մնաց աշխարհի ամենէն  փխրուն եւ տագնապալի տարածաշրջանը: Պատերազմներն ու աւերները տեղահան ըրին հարիւր հազարաւորներու իսկ ահաբեկչութիւնը տարածուեցաւ աշխարհով մէկ:

Թուրքիոյ մէջ  Էրտողանի իշխանութիւնը դարձաւ աւելի  բռնապետական, փճացնելով այդ երկրի յարաբերութիւնները իր դրացի երկիրներուն, Եւրոպայի ու Ամերիկայի հետ:

Այսպիսով տարի մըն ալ անցաւ պատմութեան ու մենք կը  դիմաւորենք  նոր` 2018  թուականը, դարձեալ  յուսալով որ ան կը տարբերի նախորդներէն,  վերջ կը  գտնեն պատերազմները, կը նուազին մարդկային ողբերգութիւնները, սովն ու աղքատութիւնը, երկրագունդը կը մնայ զերծ բնական աղէտները եւ նոր տարին կը  դառնայ մարդկութեան համար բարեբեր  տարի մը, որ իր հետ կը բերէ նաեւ խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն Հայ ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան:

Շնորհաւոր Նոր Տարի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment