Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալեքսանտր Լափշին .- Զիս Ձերբակալելով Ատրպէյճանն Աւելացուց Արցախի Զբօսաշրջիկներու Թիւը

Ալեքսանտր Լափշին .- Զիս Ձերբակալելով Ատրպէյճանն Աւելացուց Արցախի Զբօսաշրջիկներու Թիւը

by MassisPost

Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ Ռուսաստանի եւ Իսրայէլի քաղաքացի, Ինթերնեթային լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի ազատազրկումը հակառակ ազդեցութիւն ունեցած է, քանի որ 2017 թուականին նախորդ տարուայ համեմատ կտրուկ աճած է Արցախ այցելուներու թիւը: Այս մասին իր դիմատետրին մէջ գրառում կատարած է Լափշինը:

«Ինծի համար անցած 2017-ը հեշտ տարի մը չէր, քանի որ այդ տարուան գրեթէ 9 ամիսը անցուցած եմ ատրպէյճանական բանտին մէջ Արցախ այցելութիւններուս պատճառով: Ինծի բախտ վիճակուեցաւ գտնուիլ ատրպէյճանական քլաններու կեղտոտ հաշիւներու մէջ, տեղեկանալ Ալիեւներու ընտանեկան խժդժութիւններու մասին, թռչիլ Պաքուի սուլթանին կնոջ անձնական օդանաւով եւ տեսնել, թէ ինչպէս իրարու կոկորդ կը կրծեն իշխանութեան ու քարիւղային փողերու համար այդ մահմետական երկրին մէջ, անոնց ցեղապաշտութիւնն ու ատելութիւնը ոչ միայն հայ ժողովուրդի նկատմամբ (արցախեան հակամարտութեան պատճառով), այլեւ այլադաւաններու նկատմամբ ընդհանրապէս»,- նշած է Լափշին:

Ան փարատոքսալ համարած է այն, որ թէպէտ իր դէմ տարուած դատական գործով Ատրպէյճանը նպատակ ունէր վախցնել ողջ աշխարհին, այդուհանդերձ Պաքուն նպաստեց, որ 2017 թուականին Արցախ այցելէ կրկնակի աւելի շատ զբօսաշրջիկ, քան նախորդ տարին էր: «Անոնց մէջ էին մերձպալթեան երկիրներէն իմ լաւ բարեկամները, որոնք հրաշալի ֆիլմ նկարահանած են այս հրաշալի երկրամասի, անոր մշակոյթի, ժողովուրդի, բնութեան եւ յուշարձաններու մասին: Երբ Դիտէք, վստահ եմ, որ դուք ալ պիտի ուզէք այնտեղ ըլլալ»,- գրած է Լափշին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment