Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեան – Պետականութեան Հիմքերը Խարխլելու Փորձերը Դատապարտուած են Ձախողման. Զէնքով Ոչ Մէկ Հարց կը Լուծուի

Սերժ Սարգսեան – Պետականութեան Հիմքերը Խարխլելու Փորձերը Դատապարտուած են Ձախողման. Զէնքով Ոչ Մէկ Հարց կը Լուծուի

by MassisPost

«Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գործունէութեան մէջ յատկապէս կարեւոր է սահմանադրական կարգի ապահովման գործառոյթը: Սահմանադրական կարգի ամրութիւնը երկրի անկախութիւնը, պետութեան եւ ժողովուրդի պաշտպանուածութիւնը երաշխաւորող հիմնական նախապայմանն է: Այս արժէքը թիրախաւորող որեւէ քայլ իրական սպառնալիք է ազգային անվտանգութեան համար:

Արկածախնդրութիւն փնտռողները պէտք է քաջ գիտակցին, որ Հայաստանի մէջ պետականութեան հիմքերը խարխլելու փորձերը դատապարտուած են ձախողման: Հայաստանի մէջ բռնութեամբ եւ զէնքով ոչ մէկ հարց կը լուծուի: Ուժի օրինական կիրառման մենաշնորհը կը պատկանի Հայաստանի Հանրապետութեան: Ինչ-ինչ հարցեր, վէճեր, դժգոհութիւններ, տարաձայնութիւններ քննարկելու եւ լուծելու համար Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքով ստեղծուած են բոլոր անհրաժեշտ հիմնարկները եւ մեխանիզմները:

Կասկածէ վեր է, որ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը եւ մեր իրաւապահ միւս մարմինները ունակ են կանխելու կամ չէզոքացնելու նման որեւէ  ոտնձգութիւն: Կը կարծեմ՝ անցեալ տարի յուլիսին ձեր հետեւողական գործողութիւններն ու հաւասարակշռած մօտեցումները խօսքերիս լաւագոյն ապացոյցն են:

Նրանք, ովքեր ապագայում փորձելու են իրենց անձնական կամ խմբային շահերին հասնել հակաիրաւական գործելակերպով, խորհուրդ եմ տալիս զերծ մնալ արկածախնդրութիւնից: Մեր իրաւապահները պատրաստ են օրէնքով իրենց վերապահուած իրաւասութեան շրջանակներում եւ համարժէք միջոցներով հակազդել սահմանադրական կարգը վտանգող ցանկացած դրսեւորման:

Այստեղ պէտք է անդրադառնամ եւս մի կարեւոր հարցի: Ոմանք փորձում են ծայրայեղացնել անվտանգութեան եւ ազատութեան յարաբերակցութիւնը՝ դրանք դարձնելով բացարձակ երկընտրանքի առարկայ: Նման հակադրումը կեղծ է եւ ինձ համար անընդունելի: Անվտանգութիւնը եւ ազատութիւնը ոչ թէ հակադիր, այլ փոխկապակցուած եւ փոխգործակցող երեւոյթներ են:

Համոզուած եմ՝ անվտանգութեան երաշխաւորումը ազատութեան հաշուին կամ ազատութեան երաշխաւորումը անվտանգութեան հաշուին հաւասարապէս վնասաբեր է: Տարիներ շարունակ մեր բոլոր քայլերը ուղղուած եղած են երկրի մէջ հանրային անդորրի եւ համերաշխութեան ամրապնդման: Իհարկէ այդպէս ալ մենք պիտի աշխատինք նաեւ ապագային:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment