Ամէն անգամ երբ Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները երեւոյթապէս վատթարացման նշաններ ցոյց կու տան եւ տագնապի տպաւորութիւն կը ստեղծեն, Իսրայէլի մէջ ձայներ կը բարձրանան` պահանջելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Ամերիկայի նախագահ Տոնալտ Թրամփի վերջին որոշումը` Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թէլ Աւիվէն Երուսաղէմ փոխադրելու կապակցութեան, միջազգային բողոքի ալիք յառաջացուց: Ամենէն աւելի աղմկողներէն մէկը հանդիսացաւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը, որ սպառնաց խզել Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները ինչպէս որ խոստացած էր ընել ասկէ առաջ բազմաթիւ անգամներ` առանց գործնականացնելու զայն:
Վերջին օրերուն Իսրայէլի մէջ դարձեալ կոչեր եղան` Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Խորհրդարանի օրակարգին վրայ դնելու պահանջով:
Հակազդելով, շատ բացայայտ կեցուածք մը ունեցաւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Ավիկտոր Լիպերման եւ զգուշացուց նման կոչեր ընողներուն: Ան յստակ դարձուց որ, Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները այնքան խոր արմատներ ունին, որ չեն կրնար որեւէ պարագայի տակ վտանգուիլ: Որպէս ծայրայեղ աջակողմեան ճանչցուած Լիպըրման հերթական անգամ կասկածի տակ դնելով Ցեղասպանութեան փաստը ըսաւ, թէ անթոյլատրելի է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ` ի հեճուկս Թուրքիայի: «Ես չեմ կարծեր, որ այդ հարցը, որը հիմնականին մէջ պատմական, վիճելի եւ տեսական է, ընդունելի է շահարկել»: Ան նաեւ չմոռցաւ յիշեցնելու, թէ նման որոշումի պարագային կը վտանգուին նաեւ յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ, «իսկ այդ յարաբերութիւնները Իսրայէլի համար գերակայ են», շեշտեց նախարարը:
Այսպիսով, Լիպերման յստակ դարձուց որ, պէտք չէ յոյս փայփայել Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, որքան որ այլ ծանրանան Թուրքիոյ հետ անոր յարաբերութիւնները:
Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի այս անկեղծ խոստովանութենէն ետք, Հայաստանն ու հայութիւնը իրենք եւս պէտք չէ յոյսեր կապեն Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու առումով: Իսրայէլ եւ Թուրքիա պատմականօրէն եղած են ու կը մնան բնական դաշնակիցներ:
«ՄԱՍԻՍ»