Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Ներկայացուցիչներու Հանդիպումները Մոսկուայ Մէջ

Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Ներկայացուցիչներու Հանդիպումները Մոսկուայ Մէջ

by MassisPost

16-էն 18 Դեկտեմբերին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Նարեկ Գալստեան (Հայաստան),  Ալեքսան Քէօշկերեան (Լիբանան) եւ ՍԴՀԿ Հայաստանի քաղաքական դիւանի ներկայացուցիչ Արմէն Մկրտչեան, Ռուսաստանի Դաշնութեան մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցած են տեղի հայ համայնքի աշխոյժ ներկայացուցիչներուն եւ համայնքային կազմակերպութիւններուն հետ: Հնչակեան կուսակցութեան պատուիրակութիւնը 17 դեկտեմբերին, Մոսկուայի հայ համայնքի գրասենեակէն ներս հանդիպած է  ԽՍՀՄ-ի՝ բազմաթիւ երկիրներու մէջ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կեորկի Տէր-Ղազարեանի,  ՀՀ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր շտաբի նախկին պետ, ՌԴ ցամաքային զօրքերու վեթերաններու միութեան նախագահ,  զօր. Նորատ Տէր-Գրիգորեանցի, պատմաբան Կարէն Միքայէլեանի եւ Ռուսաստանի Հայերու միութեան Մոսկուայի մասնաճիւղի ղեկավար Շահէն Պետրոսեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչները նշած են, որ շահագրգռուած են աշխոյժ շփումներ ունենալ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ՝ համահայկական կարեւորագոյն հարցերու շուրջ միասնական տեսակէտ եւ դիրքորոշում ձեռք բերելու համար:
sdhp-moscow-2Նոյնը օրը ՍԴՀԿ պատուիրակութիւնը հանդիպած է հայ համայնքի աշխոյժ ներկայացուցիչներու եւ համայնքային այլ գործիչներու հետ, որու ընթացքին ներկայացուած է Հնչակեան կուսակցութեան յառաջիկայ ծրագրերն ու նպատակները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակի, Արցախեան հիմնահարցի եւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու Թուրքիոյ կողմէ արդարացի փոխհատուցման հասնելու շուրջ կուսակցութեան իրականացուցած աշխատանքները:  Հարց եւ պատասխանի մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպման հետեւանքով Մոսկուայի հայ համայնքի շարք մը ներկայացուցիչներ ցանկութիւն յայտնած են համագործակցիլ ՍԴՀԿ-ի հետ: ՍԴՀԿ պատուիրակները նշած են, որ յառաջիկային պիտի ճշգրտուի ՌԴ-ի մէջ կուսակցութեան ներկայացուածութեան ձեւաչափն ու մօտեցումները՝ հաշուի առնելով երկրի առանձնայատկութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment