Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Որեւէ Երկիր Ահաբեկչութենէն Ապահովագրուած չէ Ներառեալ Հայաստանը

Որեւէ Երկիր Ահաբեկչութենէն Ապահովագրուած չէ Ներառեալ Հայաստանը

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին փոխտնօրէն՝ խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնաժողովի անդամ Ֆելիքս Ցոլակեանի համոզմամբ, որեւէ երկիր ահաբեկչութենէն ապահովագրուած չէ, «այդ շարքին նաեւ Հայաստանը»:

Անցեալ շաբաթ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը հաւանութիւն տուած էր ներկայացուած՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան դրոյթներու իրականացումը ապահովող միջոցառումներու ծրագիր-ժամանակացոյց»ի նախագիծին եւ կառավարութեան յանձնարարած էր՝ սահմանուած կարգով ընթացք տալ անոր: Հարցի զեկուցման ժամանակ նշուած է, որ դեռ 2012-ին հաստատուած ծրագիրը կատարելագործման անհրաժեշտութիւն ունի, հաշուի առնելով աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումները, տարածաշրջանի մէջ ահաբեկչական սպառնալիքներու բարձր մակարդակը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան զարգացման եւ ձեւափոխութեան միտումները:

«Ազատութեան» այն հարցին,  թէ Հայաստան առաւելապէս ներքի՞ն, թէ արտաքին ահաբեկչութեան վտանգներու առջեւ կանգնած է, Ֆելիքս Ցոլակեան պատասխանած է, թէ չի կրնար ըսել՝ ուրկէ ինչ պէտք է սպասել: Այդուհանդերձ, ան յիշատակած է ԱԱԾ-ի կողմէ յարուցուած քրէական գործը, որուն համաձայն, ազգութեամբ հայ ԱՄՆ քաղաքացին ահաբեկչութիւն նախապատրաստած է Հայաստանի մէջ:

«Տեսաք՝ ԱԱԾ-ն հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, պարզ նշել էր կոչեր եւ այլն, որոնք ահաբեկչութեան նշաններ են իրենց մէջ պարունակում: Դուք գիտէք, որ «Ֆէյսպուք»ն այսօր շատ ուժեղ դեր է կատարում այս հարցում, եւ մարդը դրանից օգտւում է»,- նշած է ԱԱԾ նախկին փոխտնօրէնը:

Յիշեցնենք, որ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն  մէկ օր առաջ ԱԱԾ-ն հաղորդագրութիւն տարածած էր, նշելով, թէ յիշեալ անձը Հայաստանի իրավիճակը ապակայունացնելու, պետական իշխանութեան մարմիններուն վրայ ապօրինի ճնշում գործադրելու, իրաւապահ մարմիններու եւ այլ պաշտօնատար անձերու մահուան կամ ծանր մարմնական վնասուածքներ պատճառելու, հրկիզումներ, պայթումներ եւ այլ գործողութիւններ իրականացնելու նպատակով, մարդ հաւաքագրելով փորձած է ստեղծել յանցաւոր համագործակցութիւն՝ անոր մասնակից դարձնելով ինչպէս Հայաստանէն, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս բնակող ազգութեամբ հայ քաղաքացիներուն: Ահաբեկչական գործողութիւններ նախապատրաստելու մեղադրանքով ԱԱԾ-ն ԱՄՆ քաղաքացիին նկատմամբ հետախուզում յայտարարած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment