Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Ահաբեկչական Գործողութիւններ Նախապատրաստելու Մեղադրանքով Ամերիկայի Քաղաքացի Դէմ Հետախուզում Յայտարարուած է

Հայաստանի Մէջ Ահաբեկչական Գործողութիւններ Նախապատրաստելու Մեղադրանքով Ամերիկայի Քաղաքացի Դէմ Հետախուզում Յայտարարուած է

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) յայտարարութիւն մը տարածած է յայտնելով որ, որ Ծառայութեան կողմէ կատարուած հետախուզական միջոցառումներու եւ քննչական գործողութիւններու արդիւնքով ի յայտ եկած է, որ ազգութեամբ հայ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Ռ.Ք.-ն 2017-ի Սեպտեմբերին Ֆեյսպուք ընկերային  ցանցի վրայ արձանագրած է որպէս  Martin Avagyan անունով կեղծ տուեալներով անձնական էջ, որու միջոցով հրապարակած է նիւթեր` ՚Մարտիկներ յանուն արդարութեան» անուանումով  խմբաւորում ստեղծելու, խմբաւորման գործունէութեան մարտավարութեան,   անդամներու կարգապահութեան, անվտանգութեան եւ գաղտնապահութեան կանոններու մասին:

Ըստ ԱԱԾ-ի, նոյն ժամանակամիջոցին տուեալ անհատական էջի միջոցով տարածուած են նաեւ Հայաստանի իրաւապահ եւ այլ պաշտօնատար անձերու նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու, պայթիւններ, հրկիզումներ իրականացնելու եւ այդ եղանակով համընդհանուր վախի մթնոլորտ ձեւաւորելու ուղղակի կոչեր:

«Ձեռք բերուած նախնական տուեալների համաձայն` Ռ.Ք.-ն Հայաստանի Հանրապետութիւնում իրավիճակն ապակայունացնելու, բնակչութեանն ահաբեկելու, վախի մթնոլորտ ձեւաւորելու, պետական իշխանութեան մարմինների վրայ ապօրինի ճնշում գործադրելու նպատակով ՀՀ իրաւապահ մարմինների, ինչպէս նաեւ այլ պաշտօնատար անձանց մահուան կամ ծանր մարմնական վնասուածքներ պատճառելուն, նշուած հետեւանքների իրական սպառնալիքներ ստեղծելուն ուղղուած հրկիզումներ, պայթիւններ եւ հանրավտանգ այլ գործողութիւններ իրականացնելու համար մարդկանց հաւաքագրելով փորձել է ստեղծել յանցաւոր համագործակցութիւն` դրան մասնակից դարձնելով ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ դրա սահմաններից դուրս բնակուող ազգութեամբ հայ քաղաքացիների: Բացի այդ, ձեռք բերուած ապացոյցներով հիմնաւորուել է, որ նոյն անձը խորհուրդներով, ցուցումներով, ինչպէս նաեւ միջոցներ տրամադրելով նախապատրաստել է յանցակիցների միջոցով ՀՀ տարածքում ահաբեկչական գործողութիւնների իրականացում», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նկատի ունենալով, որ մեղադրեալը կը հանդիսանայ Ամերիկայի քաղաքացի եւ կը բնակի այդտեղ   ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան կողմէ նշուած տուեալները փոխանցուած են ԱՄՆ իրաւասու մարմիններուն` նախապատրաստուող յանցագործութիւնները կանխելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment