Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւ Հակահայ Ելոյթ Ունեցած է Երուսաղէմին Նուիրուած Իսլամական Ժողովի Ընթացքին

Ալիեւ Հակահայ Ելոյթ Ունեցած է Երուսաղէմին Նուիրուած Իսլամական Ժողովի Ընթացքին

by MassisPost

Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած  «Իսլամական համագործակցութեան» արտահերթ համաժողովի ընթացքին, որ նուիրուած  էր ԱՄՆ-ի կողմից Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու հարցին  ու անոր հետեւանքով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, ելոյթ  ունեցած է  նաեւ հաւաքին ներկայ եղող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Ան իր ելոյթի մեծ մասը, սակայն, յատկացուցած է ղարաբաղեան հարցին`  մահմետական երկիրներու առաջնորդներուն յիշեցնելով, որ «Հայաստան գրաւած է Լեռնային Ղարաբաղն ու շրջակայ հինգ շրջանները», եւ որ «Հայաստան չի գործադրեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհրդի բանաձեւերը»:

Ալիեւ հերթական անգամ յայտարարած է, թէ Ատրպէյճան երբեք չի կրնար համակերպիլ «հայկական գրաւման» հետ: «Հայաստանը չի կրնար ըլլալ մահմետականներու բարեկամը»,- Իսթանպուլի մէջ յայտարարած է Ալիեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment