Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երուսաղէմի Կարգավիճակի Փոփոխութիւնը Կրնայ Խառնաշփոթ Ստեղծել Եկեղեցապատկան Կալուածներու Իրաւունքներու Շուրջ

Երուսաղէմի Կարգավիճակի Փոփոխութիւնը Կրնայ Խառնաշփոթ Ստեղծել Եկեղեցապատկան Կալուածներու Իրաւունքներու Շուրջ

by MassisPost

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի յայտարարութիւնը Երուսաղէմի կարգավիճակի վերաբերեալ մեծ անհանգստութիւն առաջացուց թէ միջազգային, թէ կրօնական հանրութեան շրջանին: Այդ առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր մտահոգութիւնն ու անհանգստութիւնը արտայայտած է, նոյնը ըրած են Երուսաղէմի քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք առանձին գրութեամբ դիմած են ԱՄՆ նախագահ Թրամբին, որ ետ կոչէ կայացուած որոշումը: Ինչպէս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեանը, հիմնական անհանգստութիւնը կապուած է այդ փխրուն կայունութեան ապակայունացման հետ, որովհետեւ  այն յղի է նոր բախումներով:

«Վտանգ ենք տեսնում, որ իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութիւնը կարող է նոր թափ ստանալ: Բացի այդ, Երուսաղէմը շատ բարդ քաղաք է, եւ գիտենք, որ բազմաթիւ վիճարկումներ են եղել քաղաքի պատկանելութեան հետ կապուած, ընդհուպ մինչեւ  ժամանակին ՄԱԿ-ի որոշում կայացնելը, որով Երուսաղէմը չէզոք գօտի սահմանուեց»,-ըսած է ան:

Բացի այն, որ հակամարտութեան աշխուժացման խնդիր կայ, Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեանը նշած է, թէ բազում խնդիրներ կան կալուածներու իրաւունքներուն հետ կապուած: Քրիստոնեաները, իսլամները, հրեաները ունին իրաւունքներ իրենց կալուածներու հետ կապուած:

«Կարգավիճակի փոփոխութիւնը կարող է ենթադրել խառնաշփոթ այդ դաշտում, քանի դեռ որոշումներ կայացուած չեն կողմերի միջեւ, նման քայլի դիմելը մեծ վտանգ է պարունակում, յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով ոչ միայն իսրայէլցիների եւ պաղեստինցիների համար, այլեւ այնտեղ ապրող, մշտապէս իրենց իրաւունքների համար մարտնչող եկեղեցիների համար: Գիտէք, դարերով ձեւաւորուած են այդ կալուածների գործածութեան իրաւունքները, կանոնակարգերը: Երուսաղէմի կարգավիճակի փոփոխութիւնը կարող է մեզ կանգնեցնել նոր իրողութիւնների առջեւ»,-ըսած է ան:

Լրագրողներու այն հարցին, թէ Երուսաղէմի հայերը մտահոգութիւն ունի՞ն Իսրայէլի քաղաքականութեան հետ կապուած, Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեան նշած է, որ Իսրայէլի վարած քաղաքականութեան գնահատական տալ չի կրնար, սակայն ընդգծած է, որ տարբեր օրինակներ կան, երբ տարբեր հաստատութիւններ փորձած են ինչ-ինչ քայլեր ձեռնարկել կալուածներու ուղղութեամբ:

«Եւ գիտէք, քանի դեռ կալուածները կան, իսկ դրանք փոքրաթիւ չեն, միշտ էլ տարբեր կառոյցների կողմից հետաքրքրութիւն դրսեւորւում է: Մեր պարտականութիւնն է ունեցած ժառանգութիւնը պաշտպանելը»,-աւելցուցած է Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment