Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Մանսուրեանի «Ռեքվիեմը» Ներկայացուած է «Կրեմմի» Մրցանակաբաշխութեան

Մանսուրեանի «Ռեքվիեմը» Ներկայացուած է «Կրեմմի» Մրցանակաբաշխութեան

by MassisPost

18 Յունուար 2018-ին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Կրեմմի» յոբելեանական՝ 60-րդ մրցանակաբաշխութիւնը, որու յաւակնորդներու ցուցակը պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ անցեալ ամիս:

Արդէն յայտնի է, որ հեղինակաւոր այդ մրցանակաբաշխութեան յաւակնորդներու շարքին է մեր լաւագոյն երգահաններէն Տիգրան Մանսուրեանը: Ան առաջադրուած է երկու անուանակարգի ՝«Լաւագոյն դասական ստեղծագործութիւն» եւ «Լաւագոյն երգչախմբային կատարում» անուանակարգերուն մէջ:

Ուշագրաւ է, որ «Կրեմմիի» յաւակնորդներու շարքին է նաեւ մեր մեծանուն երգահան արտադրող՝ Մանֆրետ Այխերը: Ան առաջադրուած է «Լաւագոյն արտադրող դասական ոճի մէջ» անուանակարգին:

Տիգրան Մանսուրեան ուրախ է, որ իր անունը «Կրեմմիի» յաւակնորդներու շարքին է, բայց առայժմ շուտ կը համարէ այդ մասին խօսիլը․ – «Թող լինի այդ բանը, մենք այդ մասին խօսենք: Հիմա չարժի, անշուշտ չարժի»:

Այդուհանդերձ երգահանը փոխանցած է, թէ իր որ ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են այդ հեղինակաւոր մրցանակաբաշխութեան․ – «Ե՛ւ իմ «Ռեքվիեմ»ը, ե՛ւ Պերլինի «Ռիաս» երգչախումբը, որ կատարում է, եւ Միւնիխի կամերային նուագախումբը, նաեւ փրոտեուսըրը, որը այս ամբողջը կազմակերպել եւ ղեկավարել է՝ Մանֆրետ Այխերը»:

«Կրեմմի» մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքվիեմ»ը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ առաջին անգամ Հայաստանի մէջ հնչած է Հայաստանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի, Հայաստանի պետական եւ Հովեր կամերային երգչախումբերու կատարմամբ 24 ապրիլ 2013-ին, Մեծ Եղեռնի տարելիցին՝ ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Տիգրան Մանսուրեան այս մեծածաւալ կտաւը՝ հայկական առաջին ռեքվիեմը, գրած է 2011 թուականին Միւնխենի սիմֆոնիք նուագախմբի պատուէրով: Այդ իսկ պատճառով որոշակի ժամանակահատուած այդ նուագախումբուն կը պատկանէր «Ռեքվիեմ»ի կատարման առաջնային իրաւունքը:

Ի դէպ, համաշխարհային շարք մը ազդեցիկ երաժշտագէտներ Մանսուրեանի այս ստեղծագործութիւնը գնահատած են իբրեւ բացառիկ երեւոյթ ժամանակակից երաժշտարուեստի մէջ, նոր, յեղափոխական խօսք մինչեւ այժմ գրուած հանրայայտ ռեքվիեմներու շարքին:

Այժմ աշխարհի ամենահեղինակաւոր նուագախումբերն ու երգչախումբերը կը կատարեն Մանսուրեանի «Ռեքվիեմ»ը, որ այսօր ներկայացուած է ամերիկեան այդ հեղինակաւոր մրցանակաբախշութեան, եւ որ երգահանի նուագախմբային եւ յատկապէս խմբերգային ստեղծագործութիւններու շարքին լաւագոյններէն մէկն է:

Ի դէպ, մայսթրօն շատ բարձր կը գնահատէ խմբերգային արուեստը եւ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին շեշտած էր, որ շատ ուրախ է, որ խմբերգային արուեստը Հայաստանի մէջ լուրջ զարգացում կ’ապրի: Շեշտած է, որ այսօր միաժամանակ մի քանի պետական երգչախումբեր ունինք, որոնք հրաշալիօրէն կը ներկայացնեն ոչ միայն հայկական հոգեւոր եւ ազգային երաժշտութիւնը, այլեւ լաւագոյն արեւմտեան հեղինակներու ստեղծագործութիւններ․ – «Որպէսզի դու ունենաս տուն-տեղ, ունենաս դպրոց, նախ պէտք է ունենաս եկեղեցի: Երաժշտութեան մէջ այդ աշխատանքը սկսւում է երգչախմբից․ ինչպէս եկեղեցին, այնպէս լինում է երգչախումբը, որից յետոյ գալիս են նուագախմբեր, գործիքային երաժշտութիւն եւ այլն: Առաջնահերթը երգչախումբն է, դրա համար Կոմիտաս եւ նրան յաջորդող ամբողջ քոմփոզիթորական մի դպրոց՝ Խաչատրեանով, Պապաճանեանով, Միրզոյեանով, այսօրուայ սերնդով, եւ անշուշտ այս պահին շատ իր ամուր հիմքերի վրայ պահել կոմիտասեանը, այն, որ եկեղեցին է, երաժշտական ամբողջ մարմնի իրականութեան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment