Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ YES Armenia Ծրագիրը Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան Միջեւ Համագործակցութեան Լաւ Օրինակն է. Կարէն Կարապետեան

YES Armenia Ծրագիրը Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան Միջեւ Համագործակցութեան Լաւ Օրինակն է. Կարէն Կարապետեան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը ներկայ գտնուած է երիտասարդ փորձագէտներու YES Armenia ծրագրի պաշտօնական բացման: Ծրագիրը երիտասարդ մասնագէտներու համար եզակի հնարաւորութիւն է մասնակցելու երկրի զարգացման գործընթացին՝ նոր եռանդ եւ շունչ բերելով քաղաքացիական ծառայութեան ոլորտ, ինչպէս նաեւ նպաստելով բնագաւառի արդիականացմանը:

Շնորհաւորելով Եւրոմիութեան գործընկերներու եւ Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնի համատեղ՝ երիտասարդ փորձագէտներու «YES Armenia» ծրագրի պաշտօնական բացման կապակցութեամբ՝ վարչապետը նշած է. «Ոգեւորիչ է, որ այս ծրագրի արդիւնքում պետական կառավարման ոլորտ ենք ներգրաւում 20 հայ երիտասարդ, տաղանդաշատ մասնագէտների՝ Հայաստանից եւ Սփիւռքից: Դուք անցել էք բարդ ընտրական գործընթացով եւ ընտրուել էք աւելի քան 300 դիմորդների միջից: Ձեզ յաջողութիւն եմ մաղթում: Լիայոյս եմ, որ կարդարացնէք մեր ակնկալիքները, եւ դուք էլ ծրագրից կը ստանաք ամէնը, ինչի համար որոշել էք մասնակցել դրան»: Կառավարութեան ղեկավարի խօսքով` YES Armenia նախագիծը Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ համագործակցութեան հերթական լաւ օրինակն է: Այն, ըստ վարչապետի, իր մէջ կը ներառէ կարեւոր քանի մը առաջնայնութիւններ՝ երիտասարդներու ընդգրկում հանրային կառավարման բարեփոխումներուն մէջ, սփիւռքի երիտասարդ, տաղանդաշատ քատրերու ներգրաւում, պետութեան եւ միջազգային գործընկերոջ համատեղ ջանքերու համադրում՝ փոխադարձ կարեւորութիւն ներկայացնող ուղղութիւններով:

«YES Armenia» ծրագրով 20 հայ երիտասարդներ՝ 12-ը Հայաստանէն, 8-ը սփիւռքէն՝ ԱՄՆ-էն մինչեւ Չինաստան, յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին պիտի  աշխատին նախարարութիւններուն եւ այլ պետական գերատեսչութիւններու մէջ: «Իրենց գիտելիքների ու փորձի ամենօրեայ կիրառմամբ նրանք եռանդ կը հաղորդեն պետական կառավարման ոլորտին՝ մասնակցելով բարեփոխումների գործընթացին կրթութեան ու գիտութեան, առողջապահութեան, բնապահպանութեան, էներկեթիկայի եւ շատ այլ ոլորտներում: Ծրագիրը այս ֆորմաթով առաջին փորձն է, որ իրականացնում ենք Եւրոմիութեան գործընկերների հետ եւ յոյսով եմ, որ յաջողութեան պարագայում այն կը լինի երկարաժամկէտ եւ շարունակական», – ըսած է Կարէն Կարապետեանը:

Ծրագրի մասնակիցները պիտի աշխատին նախարարութիւններուն եւ այլ պետական գերատեսչութիւններուն մէջ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Անոնք ներգրաւուած պիտի ըլլան տարբեր նախագիծերու մէջ, որոնք են՝ միջին մասնագիտական կրթութեան նոր հայեցակարգի եւ ռազմավարութեան մշակում, աջակցութիւն քաղացիական ծառայութեան բարեփոխման, այգեգործութեան արդիականացում, Հայաստանի մէջ պետական եւ մասնաւոր հատուածներու գործընկերութեան (ՊՄԳ) համակարգի ստեղծում եւ այլն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment