Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչու Պաշտօնանկ Եղաւ Հայկազ Բաղմանեանը

Ինչու Պաշտօնանկ Եղաւ Հայկազ Բաղմանեանը

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան անդրադարձած է ԶՈւ գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ Հայկազ Բաղմանեանին աշխատանքէն ազատելու հարցին:

«Նրա ազատման պատճառը աշխատանքային մի շարք պարտականութիւնների չկատարումն ու թերացումն է», ըսած է Վիգէն Սարգսեան, աւելցնելով, որ Բաղմանեանը աշխատանքէն ազատման զեկուցագիր գրած է իր յորդորով:

«Յորդորի պատճառը աշխատանքային պայմանաւորուածութիւնների չկատարումն է, որը անհամատեղելի է յետագայ համատեղ ծառայութեան հետ», ըսած է ան:

Hraparak.am-ի տեղեկութիւններով, Բաղմանեանէն շատոնց ազատիլ կ’ուզէր ԶՈՒ ԳՇ պետ Մովսես Յակոբեանը, բուն պատճառը եղած է զօրամասերէն մէկուն մէջ 21 նոյեմբերին ականի պայթումի հետեւանքով զոհուած երեք զինծառայողներու մահը, հակառակ Բաղմանեանին առնչուող այլ, այդ շարքին եւ կաշառակերութեան վտանգերու մասին եւս բարձրաձայնուած էր:

ՊՆ-ի մէջ կը կարծեն, որ Բաղմանեանի պաշտօնը Մովսես Յակոբեանը կ’ուզէ ընդհանրապէս վերացնել: ԶՈՒ ԳՇ պետը այս պահուն ունի 3 տեղակալ, կը կարծեն, որ երկուքը կը մնան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment