Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նալպանտեան Ընդունած է ՍԾՏՀԿ Գլխաւոր Քարտուղարը

Նալպանտեան Ընդունած է ՍԾՏՀԿ Գլխաւոր Քարտուղարը

by MassisPost

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի (ՍԾՏՀԿ ԽՎ) ծիրէն ներս կազմակերպութեան կանոնադրութեան եւ սկզբունքներուն հակառակ գործելու որոշ փորձեր վնասակար են եւ հարուած կը  հասցնեն կառոյցի հեղինակութեան։ Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանը՝ երէկ ընդունելով ՍԾՏՀԿ գլխաւոր քարտուղար Մայքլ Քրիսթիտիսը:

Նալպանտեանը նշած է, որ Հայաստանը կը կարեւորէ տարածաշրջանային տնտեսական ընդելուզման գործընթացները եւ այդ սկզբունքով առաջնորդուելով, աշխոյժօրէն կը մասնակցի ՍԾՏՀԿ շրջանակէն ներս ընթացող բազմաոլորտ համագործակցութեան:

Քրիսթիտիսը գոհունակութիւն յայտնած է ՍԾՏՀԿ շրջանակէն ներս Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան կապակցութեամբ։

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ  տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ՝ զրուցակիցները անդրադարձած են Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութենէն ներս Հայաստանի յառաջիկայ նախագահութեան եւ անոր առաջնահերթութիւններուն, քննարկած են ՍԾՏՀԿ ծիրէն ներս փոխգործակցութեան առաջնային ուղղութիւնները, կազմակերպութեան բարեփոխումներուն առնչուող հարցեր:

Յիշեցնենք, նախորդ շաբաթ Քիեւի մէջ իրականացուած ՍԾՏՀԿ ԽՎ լիագումար նիստի ժամանակ Հայաստանի պատուիրակութիւնը լքած էր դահլիճը՝ պարզելով, որ իր բացակայութեամբ քննարկման արդիւնքով «հռչակագիրի մէջ տարածաշրջանի մէջ առկայ հակամարտութիւններու վերաբերեալ փոփոխութիւն մը մտցուած է, որ ամբողջովին կը հակասէ միջազգային իրաւունքի՝ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներուն»:

«Մենք այդ գործելաոճը գնահատում ենք իբրեւ կառոյցի աւանդոյթների եւ էութեան ոտնահարում: Նման աշխատաոճն անընդունելի եւ դատապարտելի է ցանկացած խորհրդարանական վեհաժողովի համար», – յայտարարած էր ՍԾՏՀԿ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment