Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ը Մատնանշած է Հայաստանի Մէջ Ընտրական Գործընթացի Նկատմամբ Հանրային Վստահութեան Պակասը

ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ը Մատնանշած է Հայաստանի Մէջ Ընտրական Գործընթացի Նկատմամբ Հանրային Վստահութեան Պակասը

by MassisPost

Ընտրակաշառքն ու ընտրողներու նկատմամբ ճնշումներու մասին վստահելի տեղեկութիւնները ստուերած են այս տարուայ խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքը, այս մասին յայտարարած է ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու ու մարդու իրաւունքներու գրասենեակը։

Ամփոփելով Ապրիլ 2-ին կայացած ընտրութիւնները` դիտորդական առաքելութիւն իրականացուցած կառոյցը երէկ հրապարակուած իր հաղորդագրութեան մէջ, մասնաւորապէս, ընդգծած է. – «Հակառակ դրական գնահատականի արժանացած օրէնսդրական բարեփոխումներուն եւ ընտրախախտումները նուազեցնելու նպատակով նոր թեխնոլոկիաներու կիրառման՝ ընտրակաշառքի, քաղծառայողներու եւ մասնաւոր ընկերութիւններու աշխատակիցներու նկատմամբ ճնշումներու մասին վստահելի տեղեկատուութիւնը ստուերած է ընտրութիւններու ընթացքը»։

Դիտորդական առաքելութեան վերջնական զեկոյցը ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ը նախօրէին ներկայացուցած է նաեւ քաղաքական ուժերուն ու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն։

Ընդդիմադիր «Ելք» դաշինքի պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանի խօսքով ԺՀՄԻԳ-ը արձանագրած է իրականութիւնը․ – «Հիմնական փրոպլեմները, որոնք եղել են եւ կան՝ ընտրակաշառքների մասսայական բաժանումից մինչեւ ընտրողներին վախեցնելու դէպքերը եւ հսկողին հսկելու դէպքերը, դրանք բոլորը, ըստ էութեան, արտացոլուած են զեկոյցում»։

Արձանագրելով Հայաստանի մէջ ընտրական գործընթացի նկատմամբ հանրային վստահութեան պակասը՝ ԺՀՄԻԳ-ը իշխանութիւններուն եւ քաղաքական կուսակցութիւններուն կոչ կ’ընէ քայլեր ձեռնարկել օրէնսդրական դաշտը բարեփոխելու, ընտրութիւններու արդարութեան նկատմամբ հասարակական վստահութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ հրապարակաւ ձայներու առքուվաճառքը դատապարտելու համար։

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդութիւն իրականացուցած «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան մետիափորձագէտ Սոնա Ղազաեան նախօրէին ԺՀՄԻԳ-ի ներկայացուցիչներուն պնդած է, որ զեկոյցը բաւականին խիստ է եւ իշխանութիւնները պէտք է հետեւութիւն ընեն:

Ընդդիմադիր գործիչ Էտմոն Մարուքեան, սակայն, լաւատես չէ․ անոր կարծիքով՝ հանրապետականները հետեւութիւններ չեն ըներ․ – «Կասեն՝ այո՛, թերութիւններ կան, օրէնքները փոխենք, վերանայենք, փոփոխութիւններ անենք, «Ընտրական օրէնսգիրքը» նորից վերանայենք եւ այլն։ Բայց դա ապսուրտ է, որովհետեւ թղթային մակարդակում բան փոխել, իսկ իրական կեանքում հարիւր հազարաւոր մարդկանց 10,000 դրամներ բաժանել եւ վերարտադրուել՝ ես այդտեղ հետեւութիւններ անելու տեղ չեմ տեսնում իշխանութիւնների համար»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment