Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Պիտի Այցելէ Հայաստան

Ֆրանսայի Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Պիտի Այցելէ Հայաստան

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պիտի այցելէ Հայաստան: ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի հետ հանդիպման ժամանակ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ նշած է, որ հայ ֆրանսական յարաբերութիւններու, ինչպէս` տնտեսական համագործակցութեան խթանման համար էական նշանակութիւն ունին ստորագրուած Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը եւ Հայաստանի կողմէ Ֆրանքոֆոնիոյ նախարարներու խորհուրդի նախագահութեան ստանձնումը: Դեսպանը այս ծիրէն ներս կարեւոր համարած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի սպասուող այցը Հայաստան:

Նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ, Ժոնաթան Լաքոթի խօսքով` Հայաստանի մէջ ներկայացուած ֆրանսական գործարարութիւնը ընդլայնուելու մտադրութիւն ունի: Դեսպանը աւելցուցած է, որ արդէն իսկ հասցուցած է հանդիպիլ որոշ ներդրողներու  հետ, եւ կրնայ փաստել, որ ֆրանսացիները կը ցանկան ներդրում կատարել Հայաստանի մէջ` հաշուի առնելով նաեւ Հայաստանի արտահանման հնարաւորութիւնները դէպի եւրոպական, եւրասիական եւ իրանական շուկաներ:

«Մենք պատրաստ ենք ըլլալ Հայաստանի մէջ գործող ֆրանսական գործարարութեան կողքին, աջակցիլ անոր եւ բոլոր ջանքերը ուղղել այնպիսի միջավայրի եւ պայմաններու ապահովման, որոնք անհրաժեշտ են ֆրանսացի գործարարներուն Հայաստանի մէջ գործունէութիւն իրականացնելու համար», – նշած է նախարար Կարայեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment